Կ’ուզեմ միասնաբար անդրադառնանք, թէ Չորեքշաբթի, Մայիս 28ին, մեզմէ քանիներ իրենց հանդիպած հայուն ուղղակիօրէն եւ իրենց ծանօթ-բարեկամներուն հեռաձայնելով շնորհաւորեցին մեր ազգային մեծագոյն տօներէն մէկուն առիթով։
Խոստովանիմ, որ ես անձնապէս այդպիսի սովորութիւն չունէի ընդհանրապէս, մինչեւ որ գացի Հայաստան եւ իմ նոր ընկերներէս սորվեցայ կարեւոր տօներուն շնորհաւորանքներ բաշխել հանդիպած մարդոց կամ հեռախօսելով՝ մօտիկներուն։
Ամէն Մայիս 9ի, Մայիս 28ի եւ Սեպտեմբեր 21ի առթիւ տօնս շնորհաւորելու հեռախօսները չէին դադրեր Երեւանի մէջ:
Չորեքշաբթի երեկոյ, օրուան հաշուեյարդարիս ատեն, արձանագրեցի այս թերացումս։
Արձանագրեցի նաեւ, որ նոյնպիսի թերացում ունեցած եմ Մայիս 9ի յաղթանակի տօնին։
Անդրադարձայ, որ գեղեցիկ սովորութիւն մըն է ատիկա, զոր որեւէ պատճառով պէտք չէ կորսնցնեմ։
Այսինքն՝ ոչ կեանքի հեւքը, ոչ օտար միջավայրը, ոչ մէկ այլ գործօն բաւարար արդարացում չի կրնար ըլլալ համոզելու համար զիս, որ ներելի է ազգային տօներուն զիրար շնորհաւորելու սովորութիւնը անտեսել, կամ… մոռնալ։