Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի աւարտին, կուսակցութիւնը անակնկալ մը պարգեւեց թէ՛ իր շարքերուն եւ թէ հանրութեան։
Անակնկալը անշուշտ Բիւրոյի կազմի մէջ երեք նախարարներու ընդգրկումն էր, որուն անմիջապէս յաջորդեց նախարարներու իրենց պաշտօնէն հրաժարելու որոշումին հրապարակումը՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի կողմէ։
Դժուար է դիմանալ այս մասին անդրադառնալու, դիւրին եզրակացութիւններ կատարելու փորձութեան։
Դժուար է չշտապել ու չարձանագրել, որ դաշնակցական գործիչները այս քայլով նորովի կ’իմաստաւորէին իրենց հասարակական ծառայութիւնը, ուսանելի նախընթաց կը ստեղծէին մեր նորանկախ պետականութեան տարեգրութեան մէջ։
Քայլը լրիւ կամովին կատարուած ընտրութիւն մըն էր։ Հարցը այստեղ անպայման մէկ պաշտօնը միւսէն աւելի գերադասելի նկատելու մէջ չեմ տեսներ, որքան միասնական ճիգ մը՝ փշրելու հասարակութեան մէջ արմատացած պատկերացում մը, ըստ որուն, մարդիկ պատրաստ են ամէն ինչի՝ յանուն նախարարի պաշտօն գրաւելուն։
Այո, մարդիկ կուսակցութիւն փոխած են, կուսակցութենէ հեռացած են, որպէսզի կարենան մնալ նախարար, կամ ըլլալ նախարար։ Ժողովուրդն ալ արդարօրէն, այսպիսի մարդոց հանդէպ չի կրնար յարգանք ու վստահութիւն ունենալ, չի կրնար զանոնք իր շահերուն պաշտպան նկատել։ Ժողովուրդը դարձեալ արդարօրէն, պաշտօնեան ընդհանրապէս եւ նախարարական բարձր պաշտօնը գրաւողները մասնաւորապէս, կը նկատէ իրենց սեփական գրպանները լեցնելու համար այդ դիրքին ցանկացողներ միայն, ուրիշ ոչինչ։
Անակնկալը այս իմաստով հաճելի էր, որքան ալ ճանչնալով երեքն ալ, գիտնալով իրենց կազմակերպչական կարողութիւնները, չեմ կրնար չափսոսալ, որ իբրեւ պետական գործիչներ անոնք տակաւին ահագին ընելիքներ ունէին, իւրաքանչիւրը իր ոլորտի մէջ, մանաւանդ այս օրերուն, մանաւանդ երբ մաս պիտի կազմէին ընդհանուր ճիգի մը՝ հիմնականօրէն բարելաւելու ժողովուրդի վիճակը։
Բայց եւ այնպէս կը գնահատեմ իրենց դիրքորոշումը։