Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու Պարաք Օպամայի խորհրդական Ֆիլիփ Կորտըն թրքական կառավարութեան հոյակապ խորհուրդ մը տուած է։ Ժամանակն է այլեւս պատրաստուիլ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման։
Այսինքն, ժամանակն է այլեւս հաշտուիլ այն իրողոութեան հետ, որ ուշ կամ կանուխ, եւ հետզհետէ փաստերը ցոյց կու տան, որ այդ օրը այնքան ալ հեռու չէ, Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը վերջապէս պիտի ընդունուի ամերիկեան Քոնկրէսի կողմէ եւ Թուրքիան պէտք է հիմակուընէ պատրաստուի, թէ ինչպէս պիտի հակադարձէ այդ քայլին։
Իսկապէս ի զուր է, որ Թուրքիան, որու բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը կը տապլտկի թշուառութեան մէջ, միլիոններ կը յատկացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման իր ճիգերուն՝ Ուաշինկթընի թէ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ։
Ակադեմական աշխարհը կաշառելով, հոս հոն պատմաբան մը զինուորագրելով նոր պատմութիւն սարքել չըլլար, այլ միայն վարկաբեկուող պատմաբաններու շարքերն է, որ կը ստուարանան։
Միջազգային հանրային կարծիքի վրայ հիմնաւոր ազդեցութիւն թողելը շատ սուղ հաճոյք է, որու օգտակարութան գործակիցը պէտք է չափուի տարուէ տարի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներու թիւի աճի հետ համեմատելով։
Ցեղասպանութեան ուսուցման կրթական ծրագիրներէն Հայկական փորձառութիւնը դուրս բերելու ճիգերն ալ այնքան յաջողութիւն չեն գտներ ու արտերկրի թուրքերուն աւելորդ ու անիմաստ նուաստացման կը ծառայեն միայն։ Վկայ՝ Թորոնթոյի երկրորդական վարժարաններու կրթական ծրագրէն Հայկական Ցեղասպանութեան մասը դուրս բերելու ապարդիւն փորձը։
Ուրեմն՝ երանի Թուրքիոյ ղեկավարները կարենան ճիշդ գնահատել քաղաքական գործընթացները եւ սկսին պատրաստուիլ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունելու հաւանականութեան։ Երանի ընդունին Օպամայի խորհրդականի խորհուրդը՝ լաւագոյն խորհուրդը, որ ահագին խնայողութիւն կ’ապահովէ իրենց պետական պիւտճէին։