Հարսանիքի էի անցեալ շաբաթավերջին։ Քովս նստած ընկերս Քարլիթոն էր, արդէն բաւական համբաւ շահած արժանթինեան «Կարտէլ» ճաշարանի տէրը։ Մենք եւ մեր սեղանակիցները, բացի Յարութ Փամպուքճեանի պարգեւած խանդավառութենէն, վայելեցինք նաեւ Քարլիթոյի համով-հոտով պատմութիւնները, մեծաւ մասամբ ապարանեան զուարճախօսութիւններու իր նոր հաւաքածոյէն։
Քարլիթոյէն բաժնուեցանք հետեւեալ համաձայնութեամբ։ «Ասպարէզ» պիտի դիմէ իր ընթերցողներուն, խնդրելով անոնցմէ, որոնք երգիծական կարճ պատմութիւններ, կատակներ, սրամտութիւններ գիտեն, կը հաւաքեն, կը պատմեն, մեզ ալ մասնակից դարձնեն ծիծաղին՝ թերթին ուղարկելով իրենց նիւթերը։ Կատակները, անշուշտ կրնան ըլլալ ապարանեան, գաւառեան, գիւմրեցիներու, կամ որեւէ այլ շրջանի ծնունդ կամ անոնց մասին։ Մեր դիմումը անմիջական է, շուտով, եկող շաբաթուընէ իսկ ծիծաղի անկիւն սկսելու առաջադրանք ունի իր մէջ։ Պիտի ստեղծենք ծիծաղի անկիւնը, ձեր օգնութեամբ։ Ապահովութեան համար, Քարլիթոն, Պօսողլեան, խոստացաւ, որ այն պարագային, երբ նիւթ չունենանք, ինք մեզի պիտի տրամադրէ իր վերջին նորութիւնները՝ կատակի աշխարհէն։
Մօտիկ անցեալին, հայաստանեան մամուլի մէջ ամէնէն շատ ընթերցուող թերթերէն «Իրաւունք»ը իր համբաւին ու ժողովրդականութեան համար նաեւ կը պարտէր իր «Փանջունիի անկիւն»ին, ուր քաղաքական կատակներ տեղ կը գտնէին։ Մեր ալ փափաքն է նման անկիւն ունենալ, այս պարագային, քաղաքական թեման պարտադիր չէ։
Այս առիթով, ուրախ ենք նաեւ յայտնելու, որ այսուհետեւ ամէն Երեքշաբթի օրուան մեր թիւով պիտի ներկայացնենք յայտնի արձակագիր եւ հրապարակագիր Պօղոս Գուբէլեանի երգիծական փորձերը, որ ան մեզ կը տրամադրէ սիրայօժար կերպով։ Կը գնահատենք մեր աշխատակիցի այս յանձնառութիւնը։ Կը գնահատենք բոլոր աշխատակիցները, առանց որոնց մտաւորական ներդրումին, թերթը չափազանց աղքատիկ պիտի ըլլար։