Անցած Կիրակի օր ղարաբաղեան կարգ մը համայնքներու մէջ ղեկավարի ընտրութիւն տեղի ունեցաւ։ Ընտրութիւնները կատարուեցան առանց միջադէպի։ Անոր առնչութեամբ՝ Մարտունի շրջանի Աշան գիւղին մէջ համայնքի ղեկավար ընտրուեցաւ Նորայր Խաչատրեանը՝ 90ականներէն ի վեր կոլտնտեսութեան նախագահը։ Երկրորդ թեկնածուն էր Արմէն Բալասանեան, որուն կը սատարէր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ ետ մնաց միայն 14 ձայնով։
Յատկանշական է, որ 2000ին նոյն Նորայր Խաչատրեանին նկատմամբ անվստահութիւն յայտնած էր գիւղի աւագանին, եւ քրէական գործ յարուցուած էր՝ պաշտօնական դիրքը չարաշահելու մեղադրանքով։
Այս ընտրութիւններուն մասին Արցախի մէջ Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց՝ «Կիրակի օրը, երբ ես կատարում էի իմ քաղաքացիական պարտքը, շատ տհաճ երեւոյթների ականատես դարձայ»։
Ըստ ներկայացուցիչին, Նորայր Խաչատրեանի յաղթութիւնը ապահովուած է ճնշումի շնորհիւ։ «Բնակչութեան մի մասի, յատկապէս՝ բանակում ծառայողների վրայ, ճնշում են գործադրել պաշտպանութեան փոխնախարար Վարդան Բալայեանն ու 3րդ պաշտպանական շրջանի հրամանատար Հայկ Սարգսեանը։ Տարբեր միջոցներով՝ սպառնալիքով, նրանք «անց են կացրել» իրենց ուզած թեկնածուին», հաւաստիացուց Դաւիթ Իշխանեան, որուն կարծիքով, թեկնածուներուն միջեւ գաղափարախօսական պայքար չէ եղած, «Ով որ է, միայն թէ Դաշնակցութեան թեկնածուն չանցնի», նկատեց ան։
Իշխանեան ցաւով նշեց նաեւ, որ մարդիկ անպաշտպան են նման ճնշումի առջեւ՝ «Մենք ահազանգել ենք ղեկավարութեանը՝ գիւղում տիրող անառողջ մթնոլորտի մասին, սակայն ոչ ոք միջոցներ չի ձեռնարկել»:
«Նոր իշխանութիւնների հետ մարդիկ մեծ յոյսեր են կապում, եւ առաջին քայլերն, իրօք, յուսադրող են, սակայն անպատժելիութիւնը կարող է ջարդել այդ յոյսերը», յայտնեց ան։
Դաւիթ Իշխանեանի տուեալներով, մնացած համայնքներուն մէջ ընտրութիւնները բնական կ’ընթանային, թէեւ ան նշեց նաեւ Ճարտարի օրինակը, ըսելով՝ «Ժողովրդավարութիւնը պէտք չէ ի ցոյց աշխարհի կառուցենք, այն մեզ է պէտք»։