Ամերիկեան «The Conservative Voice» թերթին 16 Փետրուարի թիւին մէջ Էտուըրտ Փափէլեան ստորագրած է Հայոց Ցեղասպանութեան հրէական ուրացման մասին յօդուած մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք:
Նշելով հանդերձ մեծ թիւով հրեայ պատասխանատուներու, մասնագէտներու եւ անհատներու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դրուատելի յանդգնութիւնը, Փափէլեան դիտել կու տայ, թէ իսրայէլեան եւ հրէական պաշտօնական կեցուածքը տակաւին ուրացման սահմաններուն մէջն է։
Լուսարձակի տակ առնելէ ետք թուրք վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի 10 Փետրուարին Գերմանիոյ մէջ կատարած ազգայնական յայտարարութիւնները, յօդուածագիրը հարց կու տայ, թէ ե՞րբ արդեօք Իսրայէլի «դաշնակից ու բարեկամ» Թուրքիան վերջ պիտի դնէ իր ցեղապաշտական քաղաքականութիւններուն եւ ներողութիւն խնդրէ հայերուն եւ այլ քրիստոնեաներու ծրագրուած սպանութիւններուն եւ բռնի թրքացման համար (ինչպէս վերջերս աւստրալական կառավարութիւնը ըրաւ ապորիճիններուն նկատմամբ իր վարած տասնամեակներու ցեղապաշտական քաղաքականութեան համար)։
«Ցեղասպանութիւնը՝ ազգի մը բնաջնջումը, կը գրէ Փափէլեան, քաղաքական ոճիր մըն է։ Ցեղասպանութիւնները չեն գործադրուիր անհատներու կողմէ, այլ՝ ինքնին պետութեան կողմէ»: Հետեւաբար յօդուածագիրը կը հաւատայ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին լուծումը պատմաբաններուն վերագրելը մարտավարական խաղ մըն է աշխարհի կառավարութիւնները պատասխանատուութենէ զերծ պահելու համար, մինչ իրականութեան մէջ, համոզում կը յայտնէ Փափէլեան, պատշաճ հակազդեցութիւնը պէտք է քաղաքական ըլլայ եւ գայ խորհրդարաններէն, քաղաքական անձնաւորութիւններէն եւ կառավարութիւններէն։
Անդրադառնալէ ետք, թէ ուրացումը ցեղասպանութեան արարքին մաս կը կազմէ՝ եւ թէ այդ պատճառով է, որ զայն գործադրողները ծածկուած բառեր կը գործածեն զայն նկարագրելու համար, ինչպէս՝ «փոխադրութիւն դէպի աւելի ապահով վայրեր», «տեղահանութիւն» եւ այլն, Փափէլեան կը գրէ, թէ ցեղսպանութիւնը ազգի մը ֆիզիքական բնաջնջումը չէ միայն, այլեւ՝ ուրացումը անոր երբեւէ գոյութեան։
«Ուրացումը վերջին հանգրուանն է զանգուածային բնաջնջման եւ առաջին քայլը՝ դէպի յաջորդ ցեղասպանութիւնը», կը գրէ Փափէլեան՝ բացատրելով, որ եթէ այսօր Ռուանտայի կամ Սուտանի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ՚ունենայ, ապա անիկա կը կատարուի այն համոզումով, թէ աշխարհը միայն պիտի դիտէ եւ մոռնայ. ան նաեւ կը մէջբերէ Հիթլէրի հռչակաւոր խօսքը, թէ՝ «Ո՞վ, վերջ ի վերջոյ, այսօր կը խօսի հայերուն բնաջնջման մասին»։
Նշելով, թէ Թուրքիա վերջին ութսունչորս տարիներուն ուրացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Փափէլեան կը մէջբերէ հրէական կազմակերպութիւններու եւ ականաւոր հրեայ անձնաւորութիւններու եւ ղեկավարներու ուրացման եւ երբեմն նաեւ վարկաբեկիչ կեցուածքները. անոնց շարքին են՝ Ընդդէմ վարկաբեկման դաշինքը, որ անցեալ տարի ակռաներուն մէջէն ձեւով մը ընդունեց Ցեղասպանութիւնը, Հրէական եւրոպական համաժողովը, որուն նախկին նախագահը ըսած էր, թէ հայերը պէտք է հրաժարին իրենք զիրենք ծիծաղելի դարձնելէ, որովհետեւ միայն մէկ ցեղասպանութիւն գործադրուած է քսաներորդ դարուն, այն ալ՝ հրեաներուն դէմ, եւ Իսրայէլի ներկայի նախագահ Շիմոն Փերես, որ 2001ին յայտարարած էր, թէ հայկական ամբաստանութիւնները անհեթեթ էին։ Յօդուածագիրը նաեւ կը մէջբերէ Փերեսին եւ արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնիին խոստումը Թուրքիոյ վարչապետին, թէ լոպիինկի աշխատանք պիտի տանին ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։
Սակայն, դիտել կու տայ Փափէլեան, Շիմոն Փերեսի նման փորձառու քաղաքագէտի մը ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպած ըլլայ այն իրականութիւնը, թէ Անգարայի ցեղասպանութիւն ուրացողները այլեւս բաւարարուած չեն Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումով, այլեւ այդ թուրք ազգայնականները երկար ատենէ ի վեր կը փայփայեն համաթրքութեան երազներ՝ նպատակադրելով աշխարհին փաստել հայ ժողովուրդին գոյութեան «ապօրինութիւնը»։
Դիտել տալով, թէ Իսրայէլի հասցէին ուղղուած որեւէ անարգական կամ ժխտական ակնարկ մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ աշխարհի մէջ, Փափէլեան հարց կու տայ, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ հայերուն կեցուածքը վերոնշեալ պարագային, մանաւանդ՝ այն իրողութեան դիմաց, որ Թուրքիա կոչ ուղղած է հրէական լոպիին, որ խափանէ հայկական ջանքերը։
Ցեղասպանութիւնը իբրեւ ամէնէն ծայրագոյն աստիճանի խտրականութիւն սահմանելով եւ զարմանք արտայայտելով այդ վերաբերումին զոհ գացած հրեաներուն ուրացման գծով, յօդուածագիրը ուրացման երկու պատճառներ կը թուէ. առաջինը՝ Իսրայէլ պէտք ունի Թուրքիոյ, եւ երկրորդ՝ Հրէական ողջակիզումը իւրայատուկ է։ Ան նաեւ կը նշէ երրորդ մը, որ աւելի ուրացումը արդարացնելու պատրուակ է, քան՝ իսկական պատճառ, կ՚ըսէ Փափէլեան, որ Պոլսոյ հրեայ համայնքին ապահովութիւնն է։
Հայերը իբրեւ վատ մարդիկ եւ թուրքերը իբրեւ հրեաներու բարեկամներ ներկայացնելու ջանքերուն իբրեւ հետեւանք, կը գրէ Փափէլեան, Իսրայէլի եւ հրէական սփիւռքին մէջ յառաջ կու գայ սերունդ մը, որ պատմութեան բոլորովին խեղաթիւրուած պատկեր մը ունի։ Ապա հարց տալով, թէ արդեօք «բարեկամիս թշնամին նաեւ իմ թշնամիս է» սկզբունքո՞վ է, որ կ՚առաջնորդուին անոնք, Փափէլեան կը մէջբերէ հրէական թերթերու մէջ լոյս տեսած թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը դրսեւորող յօդուածներ, ինչպէս նաեւ կը թուէ իսրայէլացի ականաւոր դէմքեր եւ պաշտօնատարներ, որոնք յառաջ կը տանին այդ ուրացման քաղաքականութիւնը։
Յիշելէ ետք Աթաթուրքի յաջորդ Իսմեթ Ինէօնուն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման եւ արդարացման քաղաքականութեան գլխաւոր երկրաչափներէն էր, Փափէլեան կը շեշտէ, թէ թուրքերուն գլխաւոր հարցը Ցեղասպանութիւնը չէ, այլ՝ հայկական պետութեան մը գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական Սփիւռքին արդարութեան պայքարը։ Մէջբերելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի 2004ին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «նոյնիսկ եթէ քիւրտերը Արժանթինի մէջ պետութիւն հիմնեն, Թուրքիան պիտի պայքարի անոր դէմ», յօդուածագիրը դիտել կու տայ, թէ այդ մէկը ձախողած պետութեան մը քաղաքականութիւնն է եւ ոչ թէ՝ քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավարական պետութեան մը։
Փափէլեան կը պնդէ, թէ՝ «ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը պէտք չէ պարտադրուի, որ փաստէ ցեղասպանութիւնը», բայց, կը շարունակէ ան, «ամօթալի եւ հակակրելի է», երբ նոյն աղէտը ճաշակած ազգ մը մասնակից կը դառնայ թրքական ուրացման։
Համոզում յայտնելով, թէ ի՛նչ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները, միջազգային համայնքին եւ օրէնքներուն պարտականութիւնն է կանգնիլ զոհին կողքին, Փափէլեան դիտել կու տայ, թէ ամբողջաշխարհի մէջ տարածուած հայկական սփիւռքին գոյութիւնը ցուցանիշներէն մէկն է Ցեղասպանութեան իրականութեան, ինչպէս նաեւ զայն ընդունիլը բարոյական հրամայական մը չէ միայն, այլեւ՝ խաղաղ գոյակցութեան նախապայման մը։
Անդրադառնալով թուրք հրէական կապերուն, Փափէլեան կը գրէ, թէ անոնք սուտերու եւ դաւադրութեան վրայ հիմնուած են եւ կը մէջբերէ սեպտեմբեր 2007ին «Ճերուզալէմ փոսթ»ին մէջ Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամիք Թանին ունեցած այն արտայայտութիւնը, թէ՝ «թուրք ժողովուրդը զանազանութիւն չի դներ Իսրայէլի եւ աշխարհի հրեաներուն միջեւ։ Մեզի համար դուք բոլորդ նոյնն էք։ Մենք դաշինք չունինք Իսրայէլի հետ, այլեւ՝ ամբողջ հրէական աշխարհին հետ։ Եթէ հրէական լոպին անհետանայ, Իսրայէլ իր կարեւորութիւնը կը կորսնցնէ մեզի համար։ Հետեւաբար Իսրայէլ կը կրէ պատասխանատուութիւնը, երբ հրէական կազմակերպութիւն մը Ցեղասպանութեան մասին կը խօսի»։
«Ճշմարտութիւնն է, որ պիտի ազատագրէ թուրք եւ հրեայ պաշտօնատարները», կը գրէ Փափէլեան՝ աւելցնելով, թէ անոնք պէտք է խորհուրդ տան Անգարայի իրենց «բարեկամներուն կամ դաշնակիցներուն», որ հրաժարին իրենք զիրենք ծիծաղելի դարձնելէ։ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը փաստուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման ընթացքին», կը շարունակէ յօդուածագիրը՝ նշելով, թէ ամբողջ աշխարհը անոր վկան էր օրին եւ ան լայնօրէն փաստագրուած էր Օսմանեան կայսրութեան պատերազմի դաշնակից Գերմանիոյ կողմէ (հակառակ անոր փաստաթուղթերուն մէկ մասին փճացման 1919ին եւ 1940ին)։
Փափէլեան կ՚եզրափակէ իր յօդուածը՝ հարց տալով, թէ արդեօք ինչպէ՞ս է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը Իսրայէլի «բարիքին» համար է, եւ թէ՝ «ի՞նչ մնայուն բարիք դուրս կու գայ Ցեղասպանութեան ուրացումէն, ճշմարտութեան ուրացումէն, արդարութեան ուրացումէն»։