Ռուսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով զգայացունց տպաւորութիւն կը ձգէ։ Հայաստանի նախագահը կ՚ուզէ նոր խթան հաղորդել հայ-թուրք յարաբերութիւններուն եւ ամենայն հաւանականութեամբ մտադիր է յառաջիկայ Սեպտեմբերին Հայաստան հրաւիրել Թուրքիոյ նախագահը՝ միասին դիտելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականներու խաղը։ Ան նաեւ համաձայն կ՚ըլլայ հայ եւ թուրք պատմագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկին ընդառաջելու միայն այն ատեն, երբ Թուրքիա կը բանայ իր փակած սահմանը Հայաստանի հետ։
Յայտարարութեան առաջին բաժինը խնդրայարոյց չէ որեւէ ձեւով։ Պետական մակարդակի վրայ առնուած քաղաքական ակնկալելի ժեսթ նոյնիսկ՝ գնդակը թրքական դաշտ նետելու եւ անգամ մը եւս մերժող կողմը բացայայտելու։ Թրքական մերժողականութեան երկրորդ փաստին կրնայ ծառայել նաեւ յայտարարութեան երկրորդ բաժինը։ Այս առաջարկին դիմաց նոյնիսկ հաւանականութեան ամէնէն բարձր տարողութեամբ Թուրքիան կը շարունակէ փակ պահել սահմանը ո՛չ միայն հայ-թուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պատճառով, այլ նաեւ Ատրպէյճանի գործօնին յստակ նկատառումով։ Ատրպէյճան մնայուն եւ հետեւողական աշխատանք տարած է Թուրքիոյ մօտ սահմանի բացումը պայմանաւորելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն եւ ազատագրուած տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացումով։
Քաղաքական ա՛յս տրամաբանութեան մէջ ալ պէտք է դիտարկել Հայաստանի պետութեան մօտեցումը՝ սահմանի բացումը կամ առհասարակ հայ-թուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ նախապայմանային մօտեցումներ չունենալը։ Այլ խօսքով, թուրքերն ու ատրպէյճանցիները այս յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ իբրեւ պահանջ-նախապայման պէտք չէ արծարծեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւններուն ճանաչումը Հայաստանի կողմէ կամ հայկական ուժերու հեռացումը ազատագրուած Արցախէն եւ յարակից տարածքներէն։
Զգայացունց բաժինը ծանօթ լրատուութեան մէջ շեղումն է ցարդ Հայաստանի պետութեան որդեգրած վարքագիծէն։ Հայաստանի պետութիւնը իր նախորդ նախագահով եւ նախորդ արտաքին գործոց նախարարով, ինչպէս նաեւ համապատասխան հաստատութիւններու մամուլի բանբերներով թրքական առաջարկին կը հակազդէր հարցը զուտ պատմագիտական հարթութենէ դուրս բերելու, քննարկման միջավայրին քաղաքական բնոյթ տալու եւ միջկառավարական յանձնախումբ յառաջացնելու առաջարկով։ Թուրքիան անգամ մը եւս կը գամուէր մերժումի պատին՝ յաչս միջազգային հանրութեան։ Շեղումը, միշտ ըստ լրատուութեան, ընդառաջումն է թրքական առաջարկին, պարզապէս սահման բանալու պահանջին դիմաց։ Խնդրոյ առարկայ մօտեցումը հակասող է նաեւ առնուազն գործող այսօրուան արտաքին գործոց նախարարին կողմէ նոյն վարքագիծին նկատմամբ կատարած վերահաստատումին։ Տակաւի՛ն. հակասական է նաեւ ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ ներառուած այն բաժինին, որ թրքական պետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով կը պայմանաւորէ շրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը։
Կը յուսանք, որ այս հարցերը կը պարզաբանուին. հակուած ենք մտածելու, որ եղածը վրէպ է՝ նկատի ունենալով, որ ելոյթը յատկացուած չէր հայ-թուրք յարաբերութիւններուն եւ յայտարարութիւնը ի շարս այլոց շօշափած էր այս խնդիրը։ Ամենայնդէպս, պաշտօնական բացատրութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է։ Այլապէս, պէտք է բացատրել, թէ ի՛նչ հիմնաւորումներով կը բանաձեւուի այս մէկը։ Ո՞ւր, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս նոր մօտեցում որդեգրուած է նախագահական մակարդակի վրայ այս հիմնահարցին առնչութեամբ։
Լրագրողական փորձառութիւնը մեզի կը յուշէ, որ նմանատիպ հրապարակումի միջադէպ պատահած էր նաեւ Հայաստանի նախորդ նախագահին օրով, երբ դարձեալ հայ-թուրք յարաբերութիւններու վերաբերող անոր մէկ յայտարարութիւնը դուրս եկած էր ընդհանուր պարունակէն եւ տեղի տուած բաւական խիստ քննադատութիւններու՝ հայկական տարբեր շրջանակներու կողմէ։ Շուտով փաստուեցաւ սակայն, որ ո՛չ նախագահը եւ ո՛չ ալ պաշտօնական Երեւանը նահանջ արձանագրած էին այս առումով պետութեան արտաքին վարքագիծէն։
Երկրորդ. նախագահին կողմէ կատարուած ենթադրեալ նման շեղում անպայման կայծակնային արագութեամբ արձագանգ պիտի գտնէր թրքական մամուլին կողմէ։ Ոչ անպայման պետական վերահսկողութեան տակ գտնուող մամուլին, որովհետեւ թրքական պետութիւնը նոյնիսկ արծարծուող այս պարզացուած կարգով եւս համաձայն չէր ըլլար սահման բանալուն։ Չէ բացառուած, որ քննարկումներու լայն ծիր ստեղծուի նաեւ թրքական թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ զանգուածային լրատուամիջոցներու շրջանակներուն մէջ յայտարարութեան տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ արծարծելու առումով։ Հայկական լրատուամիջոցներուն եւ առհասարակ հայ քաղաքական մտքին ու հասարակութեան արդար ակնկալութիւնն է ունենալ պաշտօնական լուսաբանում-յստակացում այս մասին, ուղղակի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն։ Մինչ այդ, պէտք չէ աճապարել վերջնական եզրայանգումներ կատարելու, թէ նախագահը շեղում կատարած է պետութեան վարքագիծէն։