ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անցնող շաբաթ մասնակեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած «Լիբանանի քրիստոնեաները եւ անոնց դիմագրաւելիք յառաջիկայ մարտահրաւէրները» նիւթով խորհրդաժողովին, որու ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ան նկատել տուաւ, որ Արեւմուտքը պատրաստ է հրկիզելու ամբողջ շրջանը՝ ծառայելու համար Իսրայէլի շահերուն, որովհետեւ Իսրայէլ իսկական, ռազմավարական ու հիմնական դաշնակիցն է Արեւմուտքին եւ Միացեալ Նահանգներուն։
Ան հարց տուաւ, որ հարկ է նախ եւ առաջ հարց տալ, թէ ամբողջ աշխարհին մէջ այսօր քրիստոնեաները ո՛ւր են եւ անոնց հարցերը ներկայացնել հիմնական երեք շրջագիծերու մէջ։
Ա.- Արաբական շրջանին մէջ միջարաբական տարակարծութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են, որովհետեւ արտաքին ճնշումները առիթ չեն տար արաբական կեցուածքի միասնականութիւն դրսեւորելու։
Բ.- Շրջանային կացութեան առումով, տիրող իսլամական ընդհանուր մթնոլորտը կ՚ուղղուի դէպի յաւելեալ ծայրայեղութիւն եւ արմատականութիւն։ Միջին Արեւելքը միջազգային ահաբեկչութեան կեդրոն նկատելու դէմ պայքարի չգոյութիւն եւ մնայուն համոզում կայ, թէ շրջանը միշտ ենթակայ է ներխուժումի եւ բռնագրաւման։
Գ.- Միջազգային կացութեան առումով, արաբական աշխարհին դէմ կը բանեցուի ճնշումներու ալիք մը եւ տիրող արաբական ներքին բախումներն ու տարակարծութիւնները. շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան չգոյութիւնը կը շահագործուին իբրեւ դրդապատճառներ՝ քաղաքական եւ զինուորական միջամտութիւններ կատարելու եւ տնտեսութիւնը չարաշահելու։
Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, որ արդեօք կա՞յ ընդհանուր եւ ամբողջական ծրագիր մը, որ վերջ մը կը դնէ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներու արտագաղթին, եւ կարելիութիւն ստեղծէ օգտուելու արտագաղթած լիբանանցիներէն:
Ան նշեց, որ ընդհանուր առմամբ քրիստոնեաներու թիւի նուազում կը տեսնենք Պաղեստինի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ՝ հասնելով մինչեւ Լիբանան։ «Հետեւաբար, Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներուն արտագաղթը անոնց ընտրանքը չէ, այլ՝ ներկայ իրականութիւնը, որ հետեւանքն է միջազգային կեդրոնական որոշումի մը. շրջանը պարպել իր քրիստոնեայ բնակիչներէն», ըսաւ ան։