ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յուլիս 1ին Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Շուշի, ուր արդէն գործածութեան պատրաստ էր պաշտպանութեան բանակի անձնակազմին համար կառուցուած բնակելի շէնքը: Երկրի ղեկավարը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ ՊԲ խումբ մը զինծառայողներու ընտանիքներուն յանձնեց նոր բնակարաններու բանալիները եւ անոնց իւրաքանժիւրին նուիրեց հեռուստացոյց մը: