Յառաջիկայ օրերուն մեր գաղութը անգամ մը եւս պիտի եռայ մարզական եւ մարմնակրթական աշխոյժ եւ բազմապիսի գործունէութիւններով:
Ժողովուրդը պիտի ողջունէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բազմահազար մարզիկներու համախմբումը, որ պիտի տօնէ հայկական նոր նաւասարդը:
Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնը կանխող եւ յաջորդող քանի մը օրերը՝ տարիներէ ի վեր արդէն որոշակիօրէն դարձած են Երիտասարդութեան Օրեր: Հ.Մ.Ը.Մ.ի 1973ի վարչական պատասխանատուներու յախուռն մէկ որոշումը՝ վերակենդանացնելու հայ ժողովուրդի նաւասարդեան պատմական տօնախմբումները մարզական նոր մթնոլորտի մը մէջ, այսօր դարձած է ապրող իրականութիւն: Եւ այս՝ անկասկած շնորհիւ յաջորդական տարիներու ընթացքին վարչութիւններու կողմէ ցոյց տրուած յարատեւ կամքին եւ հայրենասիրական այն ոգիին, որով կը բնորոշուի կամ կը յատկանշուի նոյն ինքն՝ կազմակերպութիւնը:
Այսպէս է ահա որ վերստեղծուած է նոր աւանդութիւնը. Նաւասարդեանը:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը տասնեակ տարիներ առաջ Սուրիոյ մէջ եւս հաստատած էր նմանօրինակ աւանդութիւն, զոր մինչեւ այսօր շատեր կը յիշեն իբրեւ քաղցր յուշ ապրուած երանելի օրերու:
Այժմ հազարաւորներ խանդավառ են եւ անձկութեամբ կը սպասեն նաւասարդեան այս օրերուն:
Բազմահազար մարզիկներ, բազմատեսակ մարզաճիւղերու մէջ, պիտի դրսեւորեն իրենց շնորհները, պիտի յայտարարեն նուաճումներ՝ միշտ դէպի վեր, միշտ դէպի յառաջ կազմակերպութեան «բարձրացիր եւ բարձրացուր»ի ազնուական սկզբունքով:
Բազմահազար ծնողներ, համակիրներ՝ աշխարհի ամէնէն ընդարձակ այս քաղաքի շրջաններէն պիտի դիմեն հայութիւն շնչող ճշդուած մարզադաշտը. պիտի դիտեն հայեցի մթնոլորտի մէջ հազարաւորներու եղբայրակցութիւնը: Իբրեւ հանդիսատեսներ՝ իրենց կարգին նոյն խանդով պիտի հաղորդուին ստեղծուած ոգիով ու լուռ կերպով՝ իրենց սրտերուն մէջ պիտի վերահաստատեն հայօրէն եւ միասնականօրէն ապրելու ուխտը:
Չերմօրէն կը շնորհաւորենք, Հ.Մ.Ը.Մ. պատկան վարչութիւնը իր բոլոր մարզայանձնախումբերով, որուն տարիներու փորձը՝ նաւասարդեան օրերու հաճելիին հետ՝ տուած է նաեւ հայօրէն դաստիարակիչ բնոյթ:
Չերմօրէն կը գնահատենք նաեւ պատուարժան բոլոր այն ընտանիքները, որոնք հաւատացած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային եւ հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան եւ մեծագումար նուիրատուութեամբ կը հովանաւորեն շարժումը:
Համոզումն ունինք, որ ժողովուրդը տուած է արդէն դրական իր գնահատանքը եւ օրեր շարունակ տասնեակ հազարներով իր ներկայութիւնն ու քաջալերանքը՝ վկայութիւն է այդ իրողութեան:
Տեղին է այս առիթով յիշեցնել անցեալ դարու մեր մեծագոյն մտածողներէն՝ Նիկոլ Աղբալեանի քանի մը մտքերը.
«-Հ.Մ.Ը.Մ.ը պէտք է ինքզինքը նկատէ հայութեան մարմնակրթութեան վարչաբաժին, տէր ու ղեկավար. պէտք է ամէն տուն մտնէ եւ ամէն առիթ օգտագործէ յորդորելու, համոզելու որ պատանի եւ երիտասարդ՝ մարզանքի հետեւին»:
«-Հ.Մ.Ը.Մ.ը ազգային հիմնարկութիւն է, եւ այս կցորդ գաղափարներէն՝ ազգայինն է հիմնականը. հանրութեան համակրութիւնը ատով է պայմանաւոր եւ ատոր մէջ է հանրային արժէքը»:
«Հուսկ՝ մեր սրտի խօսքն է Յառաջ Հ.Մ.Ը.Մ.»:
Քաղուած՝ Ն. Աղբալեանի ճառէն, խօսուած 8 Յունուար, 1944ին, Պէյրութ: