Երկրորդական վարժարաններու աւարտական հանդէսներ, համալսարաններ աւարտած՝ բարձր վկայականներու տիրացած մասնագէտներու բանակ, մարզական խաղեր, մրցումներ, նաւասարդեան մթնոլորտ, ամառնային պատանեկան-երիտասարդական բանակումներ-ճամբարներ, արշաւներ՝ հեռու եւ մօտիկ, դէպի ծննդավայր թէ հայրենիք, կեանք, աշխոյժ, կենսունակ, երիտասարդ։ Իսկ կան միութիւններ, կազմակերպութիւններ, որոնք կը բողոքեն, որ երիտասարդ չկայ իրենց շուրջ, իրենց մէջ:
Ազգօգուտ, ազնիւ ու վեհ նպատակներ հետապնդող բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու ամէնօրեայ լաց ու կոծի առարկան է՝ իրենց միութեանց ծերանալու խնդիրը, իրենց անկարողութիւնը՝ հրապուրելու երիդասարդները, որպէսզի գան՝ իրե՛նք վերցնեն պատասխանատուութիւնը, իրե՛նք ձեռք առնեն կազմակերպութեան ղեկը ու առաջնորդեն զայն դէպի նոր բարձունքներ:
Անհրաժեշտ է թօթափել այս անկարողութեան զգացումն ու լալկանութիւնը: Անհրաժեշտ է անկեղծ ինքնազննում կատարել, վերլուծել, քննել, տեսնել, թէ իսկապէս անկե՞ղծ ենք ղեկը երիտասարդներուն փոխանցելու մեր յայտարարած տրամադրութեան մէջ: Եթէ անկեղծ ըլլայինք, անպայման՝ առ նուազն որոշ չափով յաջողութիւն արձանագրած կրնայինք ըլլալ:
Կրնա՞յ ըլլալ, որ անկեղծութեան այս պակասը հիմնուած է երիտասարդներու ազգային կեանք ղեկավարելու կարողութեան հանդէպ մեր թերահաւատութեան վրայ:
Այո՛, կրնա՛յ ըլլալ այդպէս, ինչ որ, մեր կարծիքով, պարզապէս չքմեղացում մըն է մեր ձախողութիւնը, կամ մեր ճիգի պակասը, կամ աշխատանքներուն անարդիւնաւէտութիւնը արդարացնելու:
Ինչէ՞ն կը վախնանք: Ի՞նչն է մեզ մտահոգողը. այն՝ որ երիտասարդները, երբ ստանձնեն ղեկը, կրնան մեզ մէկ փորձանքէն միւսի՞ն առաջնորդել, թէ՝ մեր ճանչցած, մեր փայփայած միութեանց, կազմակերպութեանց նկարագիրը փոխելով՝ զանոնք կրնան օտարացնել մեր աչքին, մեր էութեան:
Եթէ անկեղծ ըլլանք մեր կազմակերպութիւնները երիտասարդացնելու մեր առաջադրանքին մէջ, պէտք է որոշ չափով աչք առնենք ամէն հաւանականութիւն, ամէն «վտանգ», առ նուազն փորձենք երիտասարդներու կարողութիւնը, անոնց տանք մեր վստահութեան քուէն ու տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս կը վերցնեն մարտահրաւէրը, ո՞ւր կը սայթաքին, եթէ սայթաքում մը կայ: Ի վերջոյ, սերնդափոխութիւնը անխուսափելի է. կամ ան պիտի իրականանայ առանց ցնցումներու, շարունակականութիւն ապահովելով, կամ՝ տեղի պիտի ունենայ ցնցումներով՝ եթէ երիտասարդները իրենք այլեւս ուզեն իրենք իրենց կամքով ու պայքարով տիրանալ ղեկին ու դուրս մղել տարէցները, կամ ալ՝ պիտի ունենայ առաւել տխուր աւարտ մը՝ միութեան լուծարումով, մահանալով, վերջին մոհիկաններ հանդիսացող ծերունի միութենականներու հրաժեշտով:
Կանխե՛նք այս տխուր հեռանկարները եւ իսկապէս, լրջօրէն, ներս բերենք երիտասարդները մեր շարքերուն մէջ ու անոնց փոխանցենք մեր կազմակերպութիւնները ղեկավարելու պատասխանատուութիւնը:
Հաւատացէ՛ք, որ եթէ հետեւողականօրէն աշխատինք, անպայմա՛ն կը յաջողինք ու մեր շուրջի եռուն երիտասարդութիւնը շուտով կը տեսնենք մեր մէջ արդէն, մեր առջեւ, մեզ առաջնորդողի, մեզ ղեկավարողի դերին մէջ: