Փառք Աստուծոյ: Յունիս 20ը չդարձաւ Մարտ մէկ:
Ի հեճուկս քաղաքապետարանին՝ ընդդիմութիւնը հաւաքուեցաւ ոչ թէ «Հրազդան» մարզադաշտի մօտակայքը, այլ իր երկրորդ նախընտրած վայրը՝ Մատենադարանին առջեւ:
Ի հեճուկս չարամիտներուն, ազգադաւներուն, օտար գործակալներուն ու լրտեսներուն՝ ցուցարարներու ղեկավարները եւ ոստիկանութեան պատասխանատուները իրար չծեծեցին, իրար վրայ յարձակում չկատարեցին, այլ խօսեցան, բանակցեցան, զիջեցան ու յաջողեցան այս օրը անցնել խաղաղ:
Ոստիկաններ կային ամէն տեղ, բայց գրգռութիւններ չեղան, սադրիչները իրենց մութ ծրագիրները չկրցան իրագործել եւ յաղթեց հայ ժողովուրդը:
Հիմա Յունիս 21 է: Ընդդիմութիւնը վստահաբար բաւարարուած չէ ու պիտի շարունակէ իր քարոզչական, քաղաքական աշխատանքները: Պէտք է շարունակէ:
Իշխանութիւնները, եթէ իրապէս կ’ուզեն, որ լարուածութիւնը մեղմանայ ու ամէն անգամ այսպէս անձկութեամբ չսպասենք հետագայ հաւաքներու յայտարարութեանց՝ վատագոյն իրադարձութիւններու մտատանջութեամբ, վախով ու սարսափով, պիտի իր խոստումները, խօսքերը իրականութիւն դարձնելու վրայ կեդրոնացնէ միջոցները եւ աշխատի օր ու գիշեր: Չենք ուզեր կասկածիլ իշխանութեան նման մտադրութեան վրայ, ի միջի այլոց նաեւ պարզ այն պատճառով, որ համոզուած ենք, որ իշխանութիւնները ուրիշ ելք չունին, եթէ իրենց համար կարեւոր է Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան վերականգնումը:
Պարզ այն փաստը, որ Եւրոխորհրդարանի վեհաժողովի ներկայացուցիչները եկան, սիրալիր ժպտացին, քաղցր, դիւանագիտական խօսքեր ըսին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, քննեցին, ուսումնասիրեցին ու վերադարձին՝ մերժեցին բարի վարուց վկայագիր տալ կառավարութեան, եւ ահա՛ իրենց յառաջիկայ ժողովին, արտահերթ օրակարգ մտցուցին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան դիմագրաւած խքդիրները:
Այո՛, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն իւրաքանչիւրը իր եզրակացութիւնները, իր վերլուծումները պիտի ընէ, գնահատելով Յունիս 20ը՝ Մարտ մէկի համեմատութեամբ:
Յամենայնդէպս, այսօր, Յունիս 21, քիչ մը թեթեւցած, կը շարունակենք լաւատեսութեամբ նայիլ հայոց ապագային: