Քանի հոգի մասնակցեցան անցեալ Ուրբաթ օր Մատենադարանի առջեւ տեղի ունեցած հանրահաւաք-ցոյցին։
1988ի Ղարաբաղեան ցոյցերու օրերէն սկսեալ, հակաիշխանական հանրահաւաքները իրավիճակ փոխելու ուժականութիւն ունեցած են, հսկայական ազդեցութիւն ապահովելով կազմակերպողներուն, անոնց առջեւ բանալով բարձրագոյն դիրքեր ու պաշտօններ գրաւելու դռները։
Այս երեւոյթը անշուշտ հայկական առանձնայատկութիւն չէ եղած ու աւելի ուշ՝ վրացական եւ ուքրանական վարդի ու գոյնի յեղաշրջումները ամրապնդեցին այդ մարտավարութեան արդիւնաւէտութեան հաւատացողներու համոզումները։
Հիմա, մեր նորօրեայ քաղաքական մրցապայքարին ծիրէն ներս, դարձեալ հանրահաւաքներուն մասնակիցներու թիւը ստացած է ռազմավարական նշանակութիւն։
Այս մեկնակէտէն հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՞ւ իշխանութիւնը իր բոլոր հնարաւորութիւնները, լծակները գործի կը դնէ՝ խանգարելու մեծաթիւ ներկայութիւնը հաւաքին, եւ թէ ինչո՞ւ ընդդիմադիր ճակատի քարոզչական մեքենան լարուածութիւնը աւելի հրահրելով, թէ շատ մօտիկ յաջողութեան մը պատրանքը ստեղծելով՝ կը փորձէ զանգուածները հրապուրել դէպի իր կազմակերպած ցուցական ձեռնարկները։
Վերադառնալով անցեալ Ուրբաթ օրուան հաւաքին, շատ հետաքրքարական է ցուցարարներու թիւի գնահատումը՝ իշխանութեան ներկայացուցիչներու եւ ընդդիմադիր գործիչներու կողմէ։
Ոստիկանութիւնը, ներկայացնելով իշխանութեան շահերը՝ հաւաքին մասնկացողներու թիւը գնահատած է տաս հազար։ Իշխանամէտ մամուլը այդ թիւին մօտակայքը կը դեգերի:
Ընդդիմադիր ղեկավարներէն Արամ Սարգսեան յիսուն հազար գնահատած էր մասնակցողներուն թիւը, իսկ իր մեծաւորը, Լեւոն Տէր Պետրոսեան
քառապատկած է զայն՝ իր խանդավառ կողմնակիցներուն համոզելով, որ իրենք երկու հարիւր հազար կը հաշուեն։
Ահա թիւերու կռիւը։ Եթէ իրաւարարութիւն կամ անաչառութիւն փորձես խաղալ, անպայման մէկուն կամ միւսին շահերուն հարուածած կ’ըլլաս եւ կողմնակալութեամբ կ’ամբաստանուիս։ Թէեւ, իբրեւ դաշնակցական, արդէն իսկ իշխանական ճամբարին մէջ ըլլալ կը նշանակէ, եւ ուրեմն՝ կողմնակալ։ Այս վիճակէն դուրս գալու համար պէտք է դիմել մասնակիցներու թիւերը գնահատելու գիտական կամ մասնագիտական միջոցի մը։ Այս տեսակէտէն կ’ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել «Փան Արմինիըն» գործակալութեան մէկ փորձը, որ առնուազն առարկայական որոշ տուեալներ քով քովի բերելով՝ կը փորձէ մօտաւոր գնահատում մը կատարել անցեալ Ուրբաթ օրուան հաւաքին մասնակցողներու թիւին։
Ահա՛ «Փան Արմինիէն»ի աշխատանքը.
«Նախօրէին կայացած հանրահաւաքի մասնակիցների թիւը չի գերազանցել 20,000ը: Այսպիսի եզրակացութեան են յանգել «Panorama.am»ի փորձագէտները՝ հիմնուելով Երեւան քաղաքի գլխաւոր յատակագծում ներառուած տուեալների վրայ: Այսպէս, Մատենադարանի դիմաց տեղադրուած Մաշտոցի արձանի յարակից հրապարակը, ըստ յատակագծի, ունի 22,5 մեթր երկարութիւն եւ 67,0 մ. լայնութիւն (1507,5 քառակուսի մեթր):
Մատենադարանի յարակից ճանապարհների ընդհանուր երկարութիւնը կազմում է 70 մ., իսկ լայնութիւնը՝ 6 մ. (420 ք.մ.): Մաշտոցի պողոտայից մինչեւ Մատենադարան տանող արահետի լայնութիւնը տատանւում է 8-9 մ. սահմաններում (միջինը՝ 8,5 մ.), իսկ երկարութիւնը կազմում է՝ 137 մ. (1164,5 ք.մ.), արահետին զուգահեռ երկու փողոցների երկարութիւնը 50 մ. է, որոնցից մէկի լայնութիւնը՝ 10 մ., իսկ միւսինը՝ 11մ. է: Այդպիսով փողոցների ընդհանուր մակերեսը կազմում է 1050 ք. մեթր:
Ճարտարագիտական համալսարանի լեռնամետալուրգիական բաժանմունքի շէնքի դիմացն ընկած տարածքի լայնութիւնը 22, իսկ երկարութիւնը 28 մեթր է՝ 616 ք.մ.: Այսպիսով Մատենադարանի յարակից տարածքի գումարային մակերեսը կազմում է 4758 ք. մեթր: Եթէ հաշուի առնենք, որ նախօրէի հանրահաւաքի ժամանակ մասնակիցները մասնակիօրէն զբաղեցրել էին նաեւ Մաշտոցի պողոտայի վերին հատուածի մայթերի, ինչպէս նաեւ երթեւեկելի հատուածի մի մասը (ըստ մասնագէտների, հաշուարկի զբաղեցրած տարածքի ընդհանուր մակերեսը կազմում է մօտ 280 ք.մ.), ապա կը ստացուի, որ հանրահաւաքի մասնակիցները զբաղեցրել են ընդհանուր առմամբ մօտ 5000 ք.մ.:
Եթէ հիմք ընդունենք այն հաշուարկը, որ 1 ք.մ. տարածքում կարող է կանգնել առաւելագոյնը 4 մարդ, ապա կը ստացուի, որ հանրահաւաքին, ըստ տեղանքի մակերեսի, առաւելագոյնը կարող էին մասնակցել 20,000 մարդ»: