Եւրոպան մեզի ժամանակ պիտի տայ։ Սթրասպուրկի մէջ այդպէս կ’առաջարկուի եւ շատ հաւանաբար ալ այդպէս վճռուի։ Առայժմ՝ մեզ, մեր պետութիւնը պիտի չպատժեն, առիթ ու ժամանակ պիտի տան, որպէսզի կարգի բերենք մեր տունը։
Շունչ քաշե՞նք, թէ ամօթ զգանք։
Այս պահուս, կարեւորը ժամանակի կարեւորութեան զգացողութիւնն է, որով հայրենի իշխանութիւնները պէտք է ղեկավարուին անկախ Եւրոպայի սպառնալիքներուն կամ խոստումներուն, որովհետեւ՝
– Անդրադարձած կը թուին ըլլալ առկայ վիճակի լրջութեան։ Այսպէս շարունակել կարելի չէ։
– Յայտարարուած խոստումներու, ծրագիրներու իրականացումը կրնայ երկար ժամանակ պահանջել, սակայն մինչ այդ՝ ձեռնարկուած միջոցառումները եւ դիրքորոշումները պէտք է շօշափելիօրէն ապացուցեն իշխանութեան մտադրութեան անկեղծութիւնը։
– Նախագահին ու վարչապետին կողմէ ժողովրդային խաւերու, հասարակութեան լայն զանգուածներու աջակցութեան ակնկալութիւնը միայն հնարաւոր կ’ըլլայ, եթէ ժողովուրդը հաւատայ, որ ժամանակը ամէնէն արդիւնաւէտ կերպով կ’օգտագործուի՝ բարեփոխումները հնարաւորինս արագ կատարելու նպատակով։
Շօշափելի ապացոյցները առաջին հերթին պէտք է նկատուին ժողովուրդի մարդկային իրաւունքները յարգելուն մէջ։
Շօշափելի ապացոյցները պէտք է նկատուին ընկերային արդարութիւն հաստատեելու ճիգին մէջ։
Շօշափելի ապացոյցներ պէտք է նկատուին տնտեսական ոլորտի մէջ։
Եթէ ժողովուրդը տեսնէ այս ապացոյցները, ինք ժամանակ կու տայ իշխանութիւններուն, որպէսզի իրենց լրումին հասցնեն ձեռնարկուած ծրագիրները, որպէսզի բարելաւուի վիճակը, որպէսզի հայ մարդը յոյսո՛վ եւ հաւատո՛վ նայի իր ապագային՝ սեփական հողին վրայ։