Իր գումարման հերթականութեան առումով՝ ընթացիկ բնոյթ ունէր Հ.Յ.Դ. Հայաստանի 14րդ Գերագոյն Ժողովը, որ 18-20 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Վանաձորի մէջ։
Բայց հայրենի իրականութեան ներկայ զգայուն հանգրուանին եւ հայ ազգային՝ պետական ու քաղաքական մտքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, Դաշնակցութեան վերջին շրջանի ընտրանքները քննական լոյսի տակ առնելու, մանաւանդ կազմակերպութեան հետագայ քայլերը հունաւորելու իմաստով՝ ժողովը առանձնայատուկ ներդրում ունեցաւ Դաշնակցութեան հայաստանեան կազմակերպութեան կեանքին մէջ։
Պատահական չէ, որ Գերագոյն Ժողովը յառաջիկայ տարիները հռչակեց «կազմակերպութեան ամրապնդման եւ նոր ուժերով համալրման շրջան»։ Որոշումը կը հիմնուի այն արժեւորումին վրայ, որ ի դէպ նաեւ երկու ամիս առաջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 30րդ Ընդհանուր Ժողովինն էր, թէ հայրենական իր գործունէութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը այնքան ալ կողմնորոշման խնդիր չի դիմագրաւեր, որքան կը դիմագրաւէ հայաստանեան իր կազմակերպութիւնը վերանորոգելու եւ հզօրացնելու շեշտակի մարտահրաւէրը։ Ինչպէս որ է պարագան Դաշնակցութեան աշխարհով մէկ տարածուած կազմակերպութեան առհասարակ բոլոր շրջաններուն մէջ։
Նոյնինքն նորընտիր Գերագոյն Մարմնի անուանացանկը կը վկայէ, իր ընդգրկած նոր անդամներով, որ Գերագոյն Ժողովը ինք արդէն առաջին քայլ մը նետեց հայաստանեան մեր կազմակերպութեան ղեկավար կազմը նոր ուժերով համալրելու ուղղութեամբ, միեւնոյն մօտեցումով առաջնորդուելու հրամայականը շեշտելով կազմակերպութեան ստորադաս օղակներուն՝ Մարզային Կոմիտէներուն եւ Կոմիտէներուն համար։
Գերազանցապէս գործի կուսակցութիւն եւ առաւելաբար երիտասարդ կազմակերպութիւն ըլլալու իր նկարագրին բերումով՝ Դաշնակցութիւնը 118ամեայ իր պատմութեան ընթացքին պարբերաբար կանգնած է միեւնոյն հրամայականին առջեւ։ Ոչ միայն իր պատասխանատու ու ղեկավար մարմինները նոր ուժերով վերանորոգելու, այլեւ ողջ կազմակերպութիւնը հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւելով վերաթարմացնելու զօրաշարժը արդէն բնաւորութեան ցայտուն գիծ դարձած է Դաշնակցութեան համար։
Այդ իմաստով ալ նորընտիր Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կոչուած է, առաջնահերթ կարեւորութեամբ, լծուելու հայաստանեան կազմակերպութեան հզօրացումը ապահովող նախապայմանին՝ պետական–քաղաքական թէ ազգային–հասարակական պատասխանատուութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ նոր ուժերով համալրում իրականացնելու աշխատանքին։
Մանաւանդ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը խառն ազդանշաններով յատկանշուող փուլ մը կը բոլորէ թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին քաղաքականութեան ճակատներուն վրայ։ Իսկ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ համախոհական կառավարութեան մասնակից կուսակցութիւն, անխուսափելիօրէն պատասխանատուութիւն կը կրէ նորահաստատ իշխանութեանց ե՛ւ դրականին, ե՛ւ բացասականին համար։ Նոյնինքն Գերագոյն Ժողովի որոշումով եւս, որ «արդարացուած» կը նկատէ Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը կառավարող համախմբումին, բայց լրացուցիչ շեշտ կը դնէ մեր հասարակութեան պահանջներն ու սպասումները արդարացնելու անհրաժեշտութեան վրայ, Գերագոյն Մարմինն ու ընդհանրապէս հայաստանեան մեր կազմակերպութեան պատասխանատու օղակները ուղիղ ճակատէն կը դիմագրաւեն կառավարման ընդհանուր գործը ճիշդ հունով յառաջ մղելու եւ օրինակելի վարքով բարեշրջելու հրամայականը։
Հ.Յ.Դ. հայաստանեան կազմակերպութիւնը դաշնակցական անհրաժեշտ աւանդն ու քաղաքական բաւարար կենսափորձը ունի, որպէսզի նոր ուժերով համալրէ եւ հզօրացնէ իր կարողականութիւնը։
Նաեւ ու յատկապէս՝ Դաշնակցութեան համահայկական կառոյցին ամբողջ ներուժը ունի իր կողքին։