Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ձեւաչափով կայացած հանդիպումին աւարտին նորութիւններ յայտնելու, դրական տեղաշարժերու տպաւորութիւն ձգելու աշխատանքին համար անգամ մը եւս ինքնաառաջադրուած կը թուի ըլլալ Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզան։
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ճիգերու դրսեւորման զուգահեռ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն վրայ դրական ազդեցութիւններ տեսնելու մասին ենթադրական տեսակէտներ սկսած են երեւիլ մամլոյ հրապարակումներուն մէջ։
Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք երկու արտաքին գործոց նախարարներուն համեմատաբար դրական յայտարարութիւնները բանակցային հետագայ ընթացք կանխատեսելու առումով եւ Նախիջեւանի տարածքին մէջ գերեվարուած հայերուն ազատ արձակման փաստը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ սպաննուած հայ զինուորի դիակին յանձնումը, կը տարուինք մտածելու, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու բարելաւման իմիթացիային (պատրանք) առընթեր կը փորձուի յառաջացնել հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու դրական իմիթացիա։
Սակայն խորքին մէջ երկու պարագաներուն ալ իրողական տեղաշարժ գոյութիւն չունի։ Ամբողջ եղածը յաչս միջազգային հանրութեան, Եւրոպային, ԵԱՀԿին դրական մօտեցումներ ձեւացնելու քաղաքական քայլերու շարք մըն է, որ գործնական հետեւանքներ ունենալէ հեռու է առայսօր։
Մեթիու Պրայզան միայն Մոսկուայի հանդիպումէն անմիջապէս ետք չէ, որ հիմնական նորարարական գաղափարներու յայտնութիւններ ընողի դիրքին մէջ կ՚ուզէ երեւիլ։ Չմոռնանք, որ ան դրական առումով ապշեցուցիչ որակած էր նախագահ Սարգսեանի դարձեալ Մոսկուայի մէջ կատարած յայտարարութիւնները՝ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն նոր խթան հաղորդելու տեսակէտէն։
Այժմ ճիշդ ի՞նչ է նորարարութեան քողին տակ յայտնուող գաղափարը։ Մինսքի խմբակին քաղաքական գործողութիւնները կը տարուին մեկնելով Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան անհպելի սկզբունքէն։ Քիչ ետք, նոյն յայտարարութեան մէջ կը հաղորդուի, որ ղարաբաղցիները իրե՛նք քուէարկութեամբ պէտք է որոշեն Ղարաբաղի կարգավիճակը եւ թէ առանձին կէտերու մասնակի համաձայնութիւններու հարց գոյութիւն չունի, այլ հարցը փաթեթային համաձայնութիւն կ՚ենթադրէ։
Նման հանրաքուէի մասին խօսուած էր նախապէս տարբեր առիթներով, թէ՛ նախարարական եւ թէ՛ նախագահական ձեւաչափերով տեղի ունեցած հանդիպումներէն անմիջապէս ետք։ Պրայզայի ըսելաձեւերը նկատի ունենալով, փորձ կը կատարուի համատեղելու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման սկզբունքները։ Այս առանցքին շուրջ կը կայանայ փոխզիջման տարազի մը յանգելու պահանջը։
Բայց։ Դիւանագիտական այս աճպարարութիւնը չի խօսիր հանրաքուէի կայացման թուականին եւ բնականաբար մինչ այդ «բռնագաղթ»ի ենթարկուած ատրպէյճանցի զանգուածին Ղարաբաղ վերադարձնելուն մասին։ Ինչ որ չեն մոռնար անմիջապէս աւելցնելու ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Անկախ սակայն, Պրայզայի բեմադրած նորարարական շեշտադրումներէն, վերստին մտածենք, որ հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ տագնապի քննարկման միջավայրը ԵԱՀԿի շրջանակներէն ՄԱԿ տեղափոխելու հետեւողական ճիգերուն, բանակցութիւններու եւ միջնորդական գործողութիւններու միջավայրը կը շարունակէ մնալ ԵԱՀԿը։
Մինչ այդ Ատրպէյճան կը պատրաստուի վերստին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին արծարծել Ղարաբաղի տագնապին հարցը։ Վերջին բանաձեւը յայտնաբար չէ բաւարարած Ատրպէյճանը, որ կ՚ուզէ նոր բանաձեւեր որդեգրել տալ միջազգային ընտանիքին։
Միջազգային հանրութիւնը, իր կարգին, կը ցուցաբերէ՞ յաւելեալ զգօնութիւն, չհակասելու համար զինք բաղկացնող գերպետութիւններու կայացուցած որոշումներուն։ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ֆրանսան համաձայնած են ԵԱՀԿի շրջանակներուն մէջ ստանձնել ղարաբաղեան տագնապի բանակցային գործընթացին միջնորդական առաքելութիւնը։ Հարցը ընթացիկ շրջանակներէն դուրս բերելու քննարկումը կը հակասէ այս մօտեցումներուն։ Իսկ ասիկա միայն հայկական կողմին խնդիրը չէ։
Վերադառնանք Մեթիու Պրայզայի «նորայայտ» գաղափարներուն։ Անոնք ոչ միայն նոր չեն, այլ նաեւ գործադրուած են։ Ղարաբաղի ժողովուրդը ինքնորոշուած է արդէն եւ հարկ չկայ երկրորդ անգամ հանրաքուէ կազմակերպելու։