ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր աթոռ Սբ. Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Յակոբ Քէօսէյեանի աշխատասիրութեամբ հրատարակած է հայր Յովհան Ոսկեբերան հայրապետի ճառերու հայերէն թարգմանութիւններու քննական բնագիրները՝ Մաշտոցի անուան մատենադարանի եւ Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանի ձեռագիրներուն համաձայն:
Ըստ Մայր աթոռի մամլոյ դիւանին, գիրքը, որ հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ, կը սկսի «Պատմութիւն Յաղագս ծննդեան եւ սննդեան եւ վարուց եւ վերափոխման սրբոյն Յովհաննու Ոսկեբերանի Կոստանդնուպաւլսի եպիսկոպոսի» միաւորով: Անոր կը յաջորդեն հայերէն թարգմանութեամբ պահպանուած Յովհան Ոսկեբերանի զանազան ճառերն ու մեկնութիւններէն նշխարներ:
Սբ. Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը նոյնպէս լոյս ընծայած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հայրերէն Յովհան Մանդակունի հայրապետի ճառերու արեւելահայերէն ամբողջական թարգմանութիւնը:
Ըստ նշեալ աղբիւին, գիրքին մէջ զետեղուած 31 ճառերը թարգմանած է Մարթա Արաբեանը, իսկ գիրքը հրատարակուած է Արմէն եւ Նունէ Սարգսեաններու մեկենասութեամբ: Յովհան Մանդակունի իր ճառերուն մէջ անդրադարձած է քրիստոնէական առաքինութիւններուն, եկեղեցւոյ խորհուրդներուն, պահեցողութեան, աղօթքի նշանակութեան եւ զանազան այլ թեմաներու: