Անուշաբոյր հիւթով պատրաստուած դէմքի շոգիով լոգանքը կը նպաստէ դէմքի ծակտիկներու բացման եւ հետեւաբար ազատ շնչառութեան, միաժամանակ կը նպաստէ սայնըս ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ կը հանդարտեցնէ լարուած ջիղերը: Այս մէկը կրնաք վայելել ձեր լոգանքի պահուն, խոտերու եւ ծաղիկներու հիւթերու օգնութեամբ: Պարզապէս վստահ պէտք է ըլլաք, որ ձեր գործածած նիւթերը բնական են եւ մաքուր:
Պայման է նախքան այս դէմքի շոգիով լոգանքը ձեր երեսը շատ լաւ ձեւով մաքրէք: Չափազանց տաքութիւնը կրնայ քրքրել ձեր զգայուն մորթը: Շոգիին մօտեցէք այն աստիճան որ հանգիստ զգաք, երբեք անհանգիստ ըլլալու գնով մի մօտենաք այդ շոգիին: Կամաց-կամաց մօտեցէք շոգիին մինչեւ անոր խոնաւութիւնը զգաք: Կրնաք նաեւ անձեռոց մը բռնել ձեր գլխուն վրայ, որպէսզի կարենաք շոգին բանտարկել անոր տակ: Այս վիճակին մէջ մնացէք մինչեւ այդ, որ հանգիստ կը զգաք: Իսկ հիմա կ’առաջարկենք քանի մը նիւթեր, որոնցմով կարելի է այս շոգիի լոգանքը յաջողցնել:
Անուխով Շոգիի Լոգանք
3 գաւաթ եռացած ջուր
1 ափ թարմ անուխ եւ լավանտըրի բողբոջներ, կամ իւրաքանչիւրէն չորցուած վիճակի մէջ մէկական դգալ, 1 խոշոր անձեռոց:
Սեղանի մը վրան տեղադրեցէք մեծ եւ խորունկ աման մը: Եթէ բաղնիքին մէջ պիտի կատարէք այս լոգանքը, զայն տեղադրեցէք յարմար շիտակ մակերեսի մը վրայ: Աւելցուցէք անուխը եւ լավանտրը խորունկ ամանին մէջ:
Եռացած ջուրը պարպեցէք ամանին մէջ եւ սպասեցէք 2 վայրկեան նուազագոյնը:
Կամաց-կամաց մօտեցուցէք ձեր դէմքը խոնաւցնող ամանին մինչեւ հոն ուր հանգիստ կրնաք դիմանալ շոգիին:
Ծածկեցէք ձեր գլուխը անձեռոցով, որպէսզի շոգին բանտարկուի եւ առաւելագոյն օգուտը պարգեւէ ձեր մորթին: Խորունկ ներշնչեցէք 5-10 վայրկեան:
Ռեհանով Շոգիի Լոգանք
Ռեհանը կը հանդարտեցնէ ձեր ջիղերը եւ մտքի կեդրոնացումը կը զօրացնէ: Հետեւեալ ցուցմունքներուն հետեւեցէք եւ ապա պատրաստեցէք հետեւեալները՝ սոյն լոգանքին համար անհրաժեշտ մասնիկները:
3 գաւաթ եռացած ջուր
1 ափ թարմ ռեհանի տերեւներ եւ chamomile ծաղիկ կամ մէկական ապուրի դգալ իւրաքանչիւրէն՝ չորցուած վիճակով: 1 մեծ անձեռոց
Անշուշտ նոյն ձեւով կ’որդեգրէք եւ ապա կը վայելէք անոր հաճոյքն ու բարեբեր արդիւնքը:
******************************************************************************
Ինչո՞ւ Համար Այր Մարդիկ Չեն Կրնար Փուքսեգոյնը (Fuchsia) Տեսնել
«Աշխարհը աւելի գունաւոր է կանանց համար»: Այս մէկը կը հաստատէ discovery.com ը: Մէրիլանտ եւ Արիզոնա նահանգներու համալսարաններու ուսումնասիրողները կը յայտնեն, թէ կանայք աւելի հակամետ են իրենց մէջ կրելու այն ծինը, որ կը զատորոշէ գոյները: Այս մէկին որպէս արդիւնք, կիներ կրնան կարմիր կամ կանաչ գոյնին զանազան երանգներու տարբերութիւնները տեսնել, մինչ այր մարդոց համար այդ տարբերութիւնները կրնան յստակ չըլլալ: Միաժամանակ այր մարդոց մօտ աւելի մեծ է տոկոսը գոյներու կուրութեան քան կանանց մօտ: Հետազօտողները կ’ենթադրեն, թէ վերապրելու եղափոխական մէքանիզմը ի գործ դրուած է հոս:
Գոյներու գերազանց ճանաչողութիւնը հաւանաբար աւելի զարգացած է կիներու մօտ, որովհետեւ անիկա օգնած է հնադարեան կանանց իրագործելու պտուղներ եւ այլ ուտելիք բոյսեր հաւաքելու իրենց պարտականութիւնը: Գոյներու նուազագոյն տարբերութիւնը կրնար զատորոշել սննդարար ուտելիք մը թունաւոր բոյսէն: Սուր տեսողութիւն ունեցող կիները կարծեք կրցած են ժառանգել գոյներու զատորոշման այս կարողութիւնը յաջորդներուն: Մինչ որսորդ տղամարդիկ այդքան ալ կարիքը չեն ունեցած գոյներու զգայուն ճանաչողութեան, հետեւաբար այս յատկութիւնը դարձած է իրենց համար նուազ կարեւոր:
Այլ իրողութիւն մը եւս. գոյներու ճանաչողութեան ծինը կը բնակի X քրոմոսոմին վրայ: Տղամարդիկ ունին միայն մէկ X քրոմոսոմ, մինչ կանայք՝ երկու, հետեւաբար աւելի հաւանական է որ կանայք ունենան գոյներու ճանաչողութեան աւելի առողջ ծիներ: Հետազօտողներէն մէկը կ’ըսէ. «Տղամարդիկ եւ կիներ, հաւանաբար բառացիօրէն, աշխարհը տարբեր կը տեսնեն»:
*********************************************************************************
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Հաւը՝ Հարաւ-Արեւմտեան Ձեւով
Բաղադրիչներ
2 թ. դգալ ձիւթաիւղ
2 խոշոր պճեղ սխտոր
1 տուփ (15 օզ.) սեւ լուբիա
2/3 գաւաթ ORTEGA prima homestyle mild թացան
1/2 գաւաթ սառած կորեկ
1/2 թ. դգալ քաշուած cumin
1/2 գաւաթ sour cream
4 հատ (10 ինչ) tortilla ալիւրով
1 1/3 գաւաթ եփուած եւ բզքտուած հաւու կուրծք
4 բարակ շերտ Monterey Jack պանիր
2 գաւաթ բարակ շերտուած հազար
1/4 գաւաթ մանր ջարդուած cilantro
Պատրաստութեան կերպը
1- Ձէթը տաքցուցէք միջակ ջերմութեամբ տապակի մը մէջ: Աւելցուցէք սխտորը, եփեցէք մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան: Վրան աւելցուցէք լուբիան ու cumin-ը եւ եփեցէք շուրջ 2-3 վայրկեան ,մերթ ընդ մերթ խառնելով:
2- Իւրաքանչիւր հացին վրայ 2 ապուրի դգալ թթուասեր (sour cream) քսեցէք: Հաւասարապէս բաժնեցէք լուբիայի խառնուրդը, հաւը, պանիրը, հազարը եւ cilantro-ն հացին մէջտեղի մասը, ուշադիր ըլլալով, որ բաղադրութիւնը չհասնի մինչեւ ծայրերը:
3- Փաթթեցէք հացը մինչեւ կլոր ձեւ ստանայ եւ կիսեցէք զայն:
Բարի ախորժակ:
********************************************************************************
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
– Երախտագիտութիւնը ազնիւ հոգիներու պատուաւոր արտայայտութիւնն է:
– Տկար մարդը մահէն կը վախնայ, թշուառը զայն կը կանչէ, քաջը կ’արհամարհէ զայն, իսկ գիտունը կը սպասէ անոր:
– Թշուառութիւններ կան, որոնց հանդէպ մարդս իր երջանիկ ըլլալուն համար ամօթ կը զգայ:
– Ոչինչ այնքան տխրազդեցիկ է, քան տեսնելը թէ մարդ որքան անխորհրդաբար կը վատնէ իրեն շնորհուած առիթները:
– Զուարթ բնաւորութեամբ շատ աւելի դիւրին կը յաղթես դժուարութեանց, քան տխրութեամբ:
– Տկար մարդիկը առիթներ կը սպասեն, մինչ զօրաւորները կը ստեղծեն զանոնք: