Արցախի հողը, որքան ալ քաղցր, որքան ալ գեղեցիկ, իր ընդերքին մէջ պահուըտած ունի թշնամական մահացու ականներ, որոնք 1995էն մինչեւ այսօր, պատճառ դարձած են երեք հարիւրէ աւելի անմեղ մարդոց ու երեխաներու հաշման ու մահուան:
Վեց ու կէս միլիոն քառակուսի մեթր տարածք ծածկուած է հակահրասայլային ականներով, որոնք միայն մէկ առ մէկ, անհատ մասնագէտներու կողմէ պէտք է վնասազերծուին:
Շուրջ եօթանասուն միլիոն քառակուսի մեթր տարածքի վրայ թաքնուած են հազարաւոր չպայթած նռնակներ, ռումբեր ու այլ մահացու սարքեր: Արցախեան աշխարհի 170 գիւղական շրջաններու բնակիչներ ամէն օր կը դիմագրաւեն այս մահուան սպառնալիքը, չպայթած հրէշային այս գործիքներուն պատճառաւ:
Ականազերծման փրկարար աշխատանքը իրենց վրայ վերցուցած են Մեծն Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած «Հէյլօ Թրասթ» եւ «Հէյլօ Եու.Էս.Էյ.» կազմակերպութիւններու մասանգէտները, որոնք 2000 թուականէն ի վեր քսանհինգ միլիոն քառակուսի մեթր տարածութիւն մաքրած են ականներէ, 112 միլիոն քառակուսի մեթր նախապէս պատերազմի դաշտ հանդիսացած տարածք մաքրած են ռումբերէ ու նռնակներէ, վնասազերծած են 50,000է աւելի ականներ ու պայթուցիկ սարքեր:
Այս աշխատանքները հանրութեան ծանօթացնելու առաքելութեամբ՝ Լոս Անճելըս ժամանած էին «Հէյլօ Թրասթ»ի ծրագրի ղարաբաղեան բաժնի համակարգող Գալիա Տանիլովա եւ «Հէյլօ Եու.Էս.Էյ.ի» փոխտնօրէն Անտրու Լայընզ: Երկու ներկայացուցիչները հարցազրոյց ունեցան «Հորիզոն» կայանին հետ եւ հանդիպեցան «Ասպարէզ»:
Նախ խօսեցանք «Հէյլօ թրասթ»ի փրկարար մէկ այլ աշխատանքի մասին, Արցախի բնակչութիւնը եւ յատկապէս գիւղական շրջաններու երեխաները ականներու մահացուութենէն զգուշացնելու մասին, անոնցմէ հեռու մնալու մասին, զանոնք դաստիարակելու եւ ընդհանրապէս իրենց աշխատանքին հետ կապուած քարոզչական ծրագիրներու մասին:
«Հէյլօ»ի ներկայացուցիչները ամբողջ տարուան ընթացքին, գիւղ առ գիւղ կ’երթան, դպրոցներ կը մտնեն, աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ կը խօսին, կը բացատրեն ականներու սպառնալիքի մասին, նմոյշներով կը ծանօթացնեն զանոնք հաւանական պայթուցիկ սարքերու: Կազմակերպութիւնը ցուցատախտակներ զետեղած է ականապատման ենթարկուած բոլոր դաշտերուն ու հողատարածքներուն մօտ, եւ անմիջապէս, երբ շրջան մը մաքրէ պայթուցիկներէ, ցուցատախտակներով կ’իմացնէ ժողովուրդը այդ մասին:
Հ.-Նկատի առնելով ականապատուած տարածքներու մեծութիւնը, կազմակերպութիւնը ի՞նչպէս կը ճշդէ իր առաջնահերթութիւնները. մէկ տարածքը միւսէն առաջ մաքրելու որոշումը ո՞վ կ’առնէ:
Պ.- «Հէյլօ»ն այս եւ իր աշխատանքի բոլոր ծալքերու կազմակերպման մէջ կը համագործակցի Ղարաբաղի կառավարութեան հետ: Առաջնահերթութիւնը կը տրուի ճամբաներու մօտիկ շրջաններու, բնակութեան վայրերուն յարող տարածքներուն եւ, վերջապէս՝ արօտավայրերուն ու օգտագործելի տափաստաններուն:
Հ.- Քանի՞ տարիէն կարելի կ’ըլլայ աւարտել այս աշխատանքը եւ Արցախի հողը ամբողջականօրէն ապահով դարձնել իր բնակիչներուն:
Պ.- Կալիայի համաձայն, աշխատանքը կարելի է աւարտել ութէն տաս տարիէն: Եթէ նիւթական միջոցներ ըլլան, անշուշտ կարելի է աւելի արագ իսկ վերջացնել գործը:
Հ.- Ի՞նչ նիւթական միջոցներու մասին է խօսքը:
Պ.- Տարեկան մէկ ու կէս միլիոն տոլարով, ութ տարիէն կը վերջանայ: Եթէ հինգ տարիէն կ’ուզենք մաքրել հողը ականներէ, տարեկան պէտք է ծախսենք երկուքուկէս միլիոն տոլար: Դարձեալ կեանքի փրկութեան հարցը կը բախի նիւթական միջոցներու սղութեան:
Առաջին տարիներուն, «Հէյլօ Թրասթ»ը աշխատած է Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան եւ ԱՄՆ արտաքին օժանդակութեան յատկացումներու շնորհիւ: Հետագային, այս ծրագրին նիւթապէս աջակցած են Քաֆէսճեան հիմնարկութիւնը, յայտնի դերասան Փօլ Նիումընի ստեղծած բարեգործական կազմակերպութիւնը, Հաուըրտ ընտանիքի հիմնադրամը եւ վերջին շրջանին՝ «Ճուլիա Պըրք» հիմնարկութիւնը:
Ճուլիա Պըրք 16 տարեկան աղջնակ մըն էր, երբ 1998ին, իր ծննդավայր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ինքնաշարժի անհեթեթ արկածի մը զոհ գնաց: Իր ծնողները, յարգելու համար իրենց սիրելիի յիշատակը, ստեղծած են անոր անունով հիմնադրամ մը, որուն միջոցներով աշխարհի տարբեր, յատկապէս աղքատ շրջաններու մէջ մարդասիրական ծրագիրներ կը հովանաւորեն: Անցեալ տարի, այս կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղ ու իրենց ստացած տպաւորոթիւններուն վրայ հիմնուած՝ վերադարձին յանձանարարեցին, որ հիմնարկութիւնը հովանաւորէ «Հէյլօ Թրասթ»ի գործունէութիւնը:
Այս յանձնարարականի հիման վրայ, «Ճուլիա Պըրք» հիմնարկութիւնը որոշեց մէկ միլիոն տոլար յատկացնել՝ «Հէյլօ թրասթ»ի գործի շարունակականութիւնը ապահովելու համար: Այս յատկացումէն չորս հարիւր հազարը արդէն փոխանցուած է եւ օգտագործուած «Հէյլօ թրասթ»ի կողմէ: Հիմնարկութիւնը որոշած է մնացեալ 600,000ը փոխանցել համաչափ այլ նուիրատուութիւններու հետ: Այսինքն, «Ճուլիա Պըրք» հիմնարկութիւնը «Հէյլօ թրասթ»ը կը մղէ՝ յաւելեալ նուիրատուութիւններ ապահովելու, ու կ’երաշխաւորէ, որ իւրաքանչիւր հանգանակուած տոլարի դիմաց՝ ինք ալ մէկ տոլար նուիրէ «թրսաթ»ին, մինչեւ որ երկկողմանի նուիրատուութեամբ գոյանայ 1,200,000 տոլար:
«Հէյլօ թրասթ»ի ներկայացուցիչները ձեռնարկած են հանրային յարաբերութիւններու լայնածաւալ աշխատանքի, սկսած են քարոզչական միջոցներով ծանօթացնելու հանրութիւնը իրենց առաքելութեան, կատարած գործի ու զայն աւարտին հասցնելու անյետաձգելիութեան մասին:
Համոզելու այնքան մեծ դժուարութիւն պէտք չէ ունենան այս կազմակերպութեան ներկայացուցիչները: Կը բաւէ նայիլ Արսէն Առուշանեանի դէմքին: Տռնբոնցի այս երիտասարդը տասնվեց տարեկանին կորսնցուցած է իր աջ ոտքը, ականի մը պայթումին պատճառով: Ընկերը՝ իր կողքին մահացած էր: Հաշմուած մարմին՝ հաշմուած հոգիով:
Հասակաւոր Ասրեան Վաչական, թէ եօթներորդ դասարանցի Սարգսեան Պաւել, անուններու ցանկը կարելի է երկարել: Կրնա՞նք դրամով գնահատել անոնց կրած մարմնի անդամի կամ բնականոն կեանք մը ապրելու իրաւունքի կորուստը:
Գալիան մէկ առ մէկ կը ճանչնայ վերապրողները, անոնցմէ ոմանց կ’օգնէ բժշկական հոգատարութիւն ստանալու, միջնորդելով, այս կողմ, այն կողմ դիմելով: Ան գիտէ զոհուած իրաքանչիւր ընտանիքի պատմութիւնը, դարանակալօրէն յայտնուած ու պայթած ականի պատճառած վնասներու տարողութիւնը:
«Հէյլօ թրասթ»ը պէտք է աշխատի եւ պէտք է աշխատի աւելի արագ թափով, որ վերջնականապէս մաքրուի հայոց հողը հայ մարդու կեանքին սպառնացող ականներէն, որպէսզի հայ հովիւը հանգիստ մտքով իր հօտը տանի արօտի, որպէսզի հայ գիւղացին առանց վախի մշակէ իր հողը, որպէսզի հայ զբօսաշրջիկը անխառն հաճոյքով վայելէ Արցախի անգերազանցելի գեղեցկութիւնը, որպէսզի կեանքը իր բնականոն հունով ընթանայ իւրաքանչիւր արցախցիի համար:
«Հէյլօ թրասթ»ի եւ «Ճուլիա Պըրք» հիմնարկութեան ղարաբաղեան ծրագիրներու մասին կրնաք կարդալ իրենց կայքէջերէն՝ www.halousa.org եւ