ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ճատրակի մարզիկ Դաւիթ Մարկոսեանը, վաստակելով 6 միաւոր՝ հանդիսացաւ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ կայացած ճատրակի միջազգային մրցաշարի ախոյեանը:
Սոյն մրցաշարին մասնակցած էին 22 ճատրակի վարպետներ: Մրցաշարին մասնակցած էին նաեւ չինացի գրոսմայսթըր Պու Սեանչժի, հունգարացի Զ. Կիմեշին, ուքրանացի Վ. Մրիոշնիչենքօ եւ ճանչցուած այլ մարզիկներ: