Կրնանք սկսիլ մեղադրանքներով: Հաւանաբար մեղադրանքներու թուարկումը աւելի կրնայ դիւրացնել՝ պատկերացնելու, կամ սահմանելու համար այն պատասխանատուութեան շրջանակը, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութեանն է, կամ անոր կը վերագրուի:
Քալիֆորնիոյ հայութեան կազմակերպուածութեան անբաւարարութեան մեղաւորը՝ շրջանի Դաշնակցական ղեկավար մարմինն է, իր հետ անշուշտ իր տեղական միաւորները՝ քաղաքային մարմինները, որոնք աւելի յայտնի են Կոմիտէ անունով:
Քալիֆորնիոյ հայութեան քաղաքական դերակատարութեան սահմանափակումներու հիմնական պատճառը միայն ու միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, իր Հայ Դատի կեդրոնական ու քաղաքային գրասենեակներով:
Քալիֆորնիոյ հայութեան մշակութային կեանքի տարտղնուած վիճակի գլխաւոր պատասխանատուն նոյն ինքն Դաշնակցութեան հետաքրքրութեան պակասն է այս ոլորտին հանդէպ եւ իր նախապատուութիւններու շարքին մէջ անոր զանցումը:
Քալիֆորնիահայ երիտասարդութեան համախմբան, անոնց ազգային մեր արժէքներուն հետ հաղորդակից դարձնելու ճիգերու սակաւութեան քրէական յանցագործութեան աստիճանի մեղաւորութիւնը միշտ ու միշտ Դաշնակցական մարմիններունն է, անոնց երիտասարդական թեւերուն յանցանքն է:
Քալիֆորնիոյ հսկայական հայ համայնքի մէջ նոր հայկական ամէօրեայ վարժարաններ չբանալու, իւրաքանչիւր հայ երեխայի ազգային կրթութիւն չապահովելու դաւաճանութեան հասնող յանցանքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղական մարմիններուն, անոր կազմակերպչական միաւորներուն, ու յատկապէս՝ այն ժողովին, որ այսպիսի որոշումներ առնելու իրաւասութիւնը ունի, այսինքն՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Ժողովին ուսին է:
Ահա այսպիսի պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը հաւաքուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի տարբեր շրջաններու կոմիտէութիւններէն ընտրուած պատգամաւորները: Խստապահանջ, ինքնաքննադատութեան ամէնէն լայն սահմաններու մէջ շրջագայող, համայնքի մէջ առկայ բոլոր թերութիւններուն համար պատասխանատու զգացող ներկայացուցչական հաւաք է այս շաբաթավերջին, Մոնթեպէլլոյի Հայ կեդրոնին մէջ:
Ժողովի օրակարգերը աւելի իսկ ընդգրկուն են, քան այն խնդիրները, որոնց վերնագրերը միայն ակնարկուեցան վերը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան այս ժողովը, նոյն այդ խստապահանջ ոգիով է, որ խոշորացոյցով կը նայի համայնքին մէջ առկայ ազգային տեսանկիւնէն թերութիւններուն, անոնց վերացման կամ սրբագրման համար տարուած աշխատանքներու գնահատականը կատարելով այնպիսի իտէալական չափանիշերով, որ երբեմն կրնայ յուսահատութեան տանիլ:
Այսուամենայնիւ, կազմակերպչական այս շրջանը իր ընելիքները կ’որոշէ, ոչ թէ հիմնուած իր հնարաւորութիւններուն վրայ, այլ իր ստանձնած առաքելութեան պահանջներով: Հնարաւորութիւնները անհրաժեշտ է բազմապատկել, բազմապատկել կարելի է միայն յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ եւ զոհաբերութեամբ: Զարմանալիօրէն, անտրամաբանականօրէն, այս կուսակցութեան համար երկրորդը՝ զոհաբերութիւնը աւելցնելը, յաւելեալ նուիրաբերում ապահովելը, միշտ աւելի դիւրին եղած է, քան կազմակերպուածութեան մակարդակը բարձրացնելը:
Ժամանակները կը պահանջեն աւելի շատ կազմակերպուածութիւն, ատիկա յստակ է: Այս ժողովը վստահաբար պիտի անդրադառնայ ատոր եւ իր մասնակիցներուն ու անոնց ետին կանգնող շարքայիններու զոհաբերութիւնը առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու ճանապարհները պիտի որոշէ եւ որակական նոր մակարդակ ապահովէ կազմակերպութեան, որպէսզի վերը նշուած մեղադրանքները, որքա՛ն ալ անարդար, որքա՛ն ալ սարսափելիօրէն չափազանցուած, աւելի քիչ հնչեն:
Յամենայնդէպս, եթէ մեր ժողովուրդի աչքի վրայի յօնքէն մազ մը իսկ պակսի, Դաշնակցութիւնը ինք արդէն ինքզինք մեղաւոր կը գտնէ: Այդ գիտակցութիւնն է, որ զինք զգօն, արթուն, գործուն ու այժմէական դարձուցած է այսքան երկար տասնամեակներ: Այդ գիտակցութիւնն է, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութեան Ժողովը, իր նախորդներուն նման, ճիշդ ուղղութեամբ կը տանի: