Օգնել առանց պայմանի, առանց իրաւունքներ պահանջելու, առանց բարոյական ճնշման ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներու դիմելու: Բաւական դժուար բան է, մանաւանդ երբ քաղաքական մարմնի մը կողմէ կը մատուցուի այդ օգնութիւնը:
Հայաստան պետութիւնը արդէն իսկ հասած է հասունացման ու կազմաւորման այնպիսի հանգրուանի մը, որ բացի իր ներքին անմիջական խնդիրներէն, սկած է մտածել նաեւ սփիւռքի հայկական համայնքներուն տիրութիւն ընելու մասին:
Երազային թուացող այս զարգացումը պէտք է ոգեւորէ մեզ, եւ անշուշտ այդպէս ալ է: Գործելակերպի խնդիրը, օգնութեան, տիրութեան ձեւն ու ոճը կը մնան քննելի: Առաջին հերթին, պէտք է իսկական երկխօսութիւն մը սկսի պետութիւնը ներկայացնող մարմնի եւ միւս կողմի՝ սփիւռքեան միաւորներուն միջեւ: Առայժմ յստակացած է պետութեան կողմէ խօսողը, ներկայացողը: Ատիկա Սփիւռքի հարցերով զբաղող նախարարութիւնն է, յանձինս իր շուտով պաշտօնապէս այս գործին նշանակուող նախարարին՝ Հրանոյշ Յակոբեանին:
Նախարարի թեկնածուն արդէն քանի ամիս է, որ ամէն օր հանդիպումներ կ’ունենայ Երեւան հասած սփիւռքահայ գործիչներու, նաեւ, փորձի փոխանակման նպատակով օտար դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ: Ծանօթացման, ճանաչումի նպատակով կատարուած այս հանդիպումները ցարդ յստակ գործելակերպ մը, յստակ ծրագիր մը տակաւին չեն ուրուագծեր: Գնահատելին մեղուի աշխատասիրութիւնն է, որ զգալի է, եւ որով յայտնի է նախարարի թեկնածուն: Աշխատասիրութիւնը սակայն շտապողականութեան պէտք չէ տանի: Բաւական երկար ժամանակ պէտք է նախ՝ ծանօթացման ու ճանաչումի հանգրուանը նոյնիսկ մասնակիօրէն կտրելու, ալ ուր մնաց՝ աշխատանքային ծրագիր կազմելու: Կայ տեղեկութիւններու հաւաքի հսկայածաւալ գործ, որուն միջոցաւ ազգի զաւակներու անհատական թէ հաւաքական սփռուած հնարաւորութիւնները պիտի արձանագրուին, դասաւորուին՝ հետագային զանոնք լաւագոյնս, արդիւնաւէտօրէն օգտագործելու, կամ անոնց միջեւ համագործակցութեան ճանապարհներ բանալու համար:
Օգնելու առաջադրանքը պարտադրութեան տակ կը դնէ նաեւ կարիքները հասկնալու, ախտաճանաչումներ կատարելու եւ պետութեան միջոցները ճշգրիտ հունաւորելու նախապատրաստական, ուսումնասիրական աշխատանք կատարելու, ինչ որ կրնայ զուգահեռ ընթանալ տեղեկութիւններու հաւաքման ու ամբարման գործին:
Օգնութեան շօշափելի դրսեւորման հանգրուանը բաւական հետագայի հարց է: Նախ, որովհեետեւ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ ներքին հարստութիւնը անհատական թէ հաւաքական բաւարար չափով զօրաշարժի ենթարկուած չէ՝ հիմնականին մէջ կազմակերպական թերացումներու, գաղափարական խարխափումներու, ոչ-նպատակսլաց ղեկավարման եւ բազում այլ տեղայնական ու տեղական ազդեցութիւններու պատճառած բարոյալքումին պատճառաւ:
Պետութեան ներդրումը այստեղ կրնայ ըլլալ հայութեան, հայկականութեան ապագայի հանդէպ լաւատեսութեան ներշնչումը, որ կրնայ յեղափոխել օտարացման ալիքներուն յանձնուած զանգուածներու մտայնութիւնը՝ զանոնք դարձնելով միաւորուած բազուկ:
Հայրենիքը յաւերժական է, հզօր, կենսունակ եւ դո՛ւն՝ հա՛յ մարդ, դուն ալ, քու հայկականութիւնդ ալ յաւերժական է, կենսունակ, ստեղծագործ, հզօր:
Մնացեալ հարցերը երկրորդական են, աւելի ճիշդը՝ ածանցեալներ են, ըլլան անոնք դէպի հայրենիք տնտեսական ներդրումներու հոսքի ապահովում, համայնքներու, յատկապէս նոր սերունդի դաստիարակութեան, կրթական մակարդակի, հայրենի ժողովուրդին, հայոց պատմութեան ու մշակոյթին հաղորդակցում, եւ այլ, այլ կարեւոր բաներ, որոնց մասին միշտ մեր սփիւռքահայ մտաւորական ու գրագէտ խաւը գրած, հրապարակած, ճառախօսած է:
Այս աշխատանքի հսկայական դաշտին մէջ, ոչ մէկ տեղ անմիջական միջամտութեան նուազագոյն կարիքն իսկ չկայ, չի կրնար ըլլալ, իսկ եթէ միջամտելու գայթակղութենէն կարելի չըլլայ խուսափիլ, ապա, վստահ եղէ՛ք, որ կը բացուի նոր ներ-համայնքային բախումներու, տարակարծութիւններու, բեւեռացումներու ճանապարհ, որմէ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ սփիւռքահայութիւնը մասնաւորապէս ամէն գնով պէտք է խուսափի:
Յամենայնդէպս, այսօր, եկէք միայն ապրինք այն երջանկութիւնը, որ մեզի փոխանցեց մեր երկրի նախագահին այն արտայայտութիւնը, թէ Հայաստան այլեւս անտէր պիտի չթողու աշխարհով մէկ սփռուած իր զաւակները: