ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը պատճառեց առնուազն 17 զոհ եւ 14 վիրաւոր։
Ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնեց դէպի Դամասկոսի միջազգային օդակայան առաջնորդող գլխաւոր ճամբուն վրայ տեղի ունեցած ականահարման պատասխանատուութիւնը, սակայն Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարը զայն նկատեց ահաբեկչական արարք մը, նշելով, որ հետաքննիչները կը կարծեն, թէ անոր ետին իսլամական զինեալներ կը կանգնին։
Ներքին գործոց նախարար զօր. Պասսամ Ապտըլ Մաճիտ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռին յայտնեց, որ պայթումը «անպայման ահաբեկչական յարձակում մըն է, որ կատարուեցաւ խճողուած շրջանի մը մէջ։ Ասիկա վախկոտներու յարձակում մըն է»։
Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ խնդրոյ առարկայ ինքնաշարժին մէջ կար 200 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ։ Պայթումը տեղի ունեցաւ Սիթ Զէյնապի սրբավայրին խճողուած քառուղիին վրայ։ Սրբավայրը Իրանի, Իրաքի եւ Լիբանանի շիիներուն մօտ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ։
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս դատապարտեց ականահարումը: Ուաշինկթըն նաեւ որոշեց փակել Դամասկոսի իր դեսպանատան հիւպատոսական բաժինը եւ զայն պիտի վերաբանայ Հոկտեմբեր 5ին։
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Լիբանանի նախագահները դատապարտեցին պայթումը։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլէմ Նիւ Եորքի մէջ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ տեղի ունեցածը «ահաբեկչական ոճրային արարք մըն է, որ հարուածեց քաղաքի բնակիչները։ Դժբախտաբար Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին յաջորդող տարիներուն ընթացքին ահաբեկչութիւնը առաւել եւս տարածուած է։ Սուրիոյ ապահովական կառոյցները արթուն վիճակի մէջ պիտի ըլլան»։
Երկուշաբթի օր, սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական իշխանութիւնները բացայայտած են, թէ յարձակումին համար օգտագործուած ինքնաշարժը Սեպտեմբեր 26ին Սուրիա մուտք գործած է «մօտակայ արաբական երկրէ մը»։