«Չաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան կը յայտնէ, թէ Չաւախքի համար առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրներ գոյութիւն ունին: Անոնցմէ գլխաւորներէն են ազգային խտրականութեան բացառում, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աւելի լայն լիազօրութիւններ, պատմամշակութային արժէքներու վրացականացման դադրեցում, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գոյութեան իրաւասութիւն, բարեգործական, դրամաշնորհային եւ այլ ծրագիրերու մէջ ջաւախքահայութեան ընդգրկում, պետական եւ գործառնական ներդրումներու իրականացում, հողի եւ այլ անշարժ գոյքի օտարման գործընթացին մէջ տեղացիներու առաջնահերթութիւն:
Շ. Թորոսեանի խօսքով, միութեան կողմէ առանձնացուած դրոյթներուն ծանօթ է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ կ’ակնկալուի, որ ան պահանջուած լուծումները քննարկէ Վրաստան իր այցելութեան ընթացքին:
Շիրակ Թորոսեան նաեւ յայտնեց. «Կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց լուծումը տեսանելի է՝ շատ հեշտ ճանապարհով, բայց չի արւում, քանի որ չի բխում վրացական իշխանութիւնների այսօրուայ քաղաքական շահերից: Լեզուական խտրականութիւնը արդէն իսկ լայնօրէն տարածուած է: Չգիտես վրացերէն՝ հայկական դպրոցի տնօրէ՛ն, թո՛ղ պաշտօնդ: Կը գայ Քութայիսից մի վրացի եւ կը գլխաւորի դպրոցը»: