ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ սպասարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, Պուէնոս Այրէսի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին արժանթինահայ աշխարհահռչակ թենիսմէն Դաւիթ Նալպանտեանին շնորհուեցաւ Հայաստանի կացութեան յատուկ կարգավիճակի անձնագիր:
Ընդունելութեան ներկայ էին քաղաքի մարզական հարցերու փոխնախարար Ֆրանսիսքօ Իրարասավալ, քաղաքի խորհրդարանի տնտեսական զարգացման յանձնաժողովի նախագահ Անտրէա Մախեան, Պուէնոս Այրէս նահանգի խորհրդարանի անդամ Սերճիոյ Նահապետեան, Պուէնոս Այրէս նահանգի ապահովութեան հարցերու նախկին նախարար Լէոն Քարլոս Արսլանեան, ազգային բարերարներ Էտուարտօ Սեֆէրեան, Արմէն Էքսերճեան, Արմէն Մեծատուրեան, Արժանթինի մէջ մեծ համբաւ վայելող բժիշկ Դանիէլ Ստամպուլեան, յայտնի քաղաքական գործիչ եւ տնտեսագէտ Քարլոս Մելքոնեան, արժանթինահայ համայնքի այլ նշանաւոր դէմքեր եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ: Ներկաներուն մէջ կային նաեւ արժանթինեան «Քլարին», «Նասիոն» եւ «Օլէ» օրաթերթերու լրագրողներ:
Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեանը, որ Հայաստանի իշխանութիւններու եւ հայաստանցի բազմահազար երկրպագուներու անունով շնորհաւորեց Դաւիթ Նալպանտեանին եւ անոր յանձնեց անձնագիրը: Դեսպանը նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց հայազգի մարզիկին, որ աշխարհի լաւագոյն թենիսմէններու ցուցակին մէջ ներկայիս կը գրաւէ եօթներորդ դիրքը:
Մեծապէս ոգեւորուած եւ յուզուած հայազգի մարզիկը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ աւելցուց, որ առաջին անգամ ըլլալով ան պիտի այցելէ Հայաստան, ուր յատուկ դասընթացքներ պիտի տայ հայ մարզիկներուն:
Յաջորդ օրը, տեղական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ այս միջոցառման: