Հոկտեմբերը նոր սկսանք եւ քիչ մը տարօրինակ կրնայ թուիլ Նոր Տարին դիմաւորելու մասին գրելը: Ընդհանրապէս Նոր Տարուան պատրաստութիւնները կը սկսին Նոյեմբերի վերջերը՝ գոհաբանութեան օրէն անմիջաապէս ետք:
Յամենայնդէպս, մեր նախապատրաստութիւնը աւելի ժամանակի կը կարօտի ու այդ իսկ պատճառով այժմէն իսկ կ’ուզենք տեղեակ պահել մեր Նոր Տարուան ծրագրին մասին:
«Ասպարէզ» իր հարիւրամեակի առիթով, կ’ուզէ հաւաքել ու ամփոփ ձեւով հանրութեան ներկայացնել այս ափերուն գործող հայկական ազգային եւ եկեղեցական կառոյցները, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային, մարզական, ընկերային, հայրենակցական, ուսումնական, ուսանողական եւ այլ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, յայտնել անոնց բնութագիրը, գործունէութեան ոլորտը, ղեկավար կազմի անդամները, անցեալ տարուան իրագործումները եւ յառաջիկայ տարուան ամէնէն կարեւոր ծրագիրները:
Նկատի առնելով գործի ծաւալի հսկայականութիւնը՝ խմբագրութիւնը այսու հրապարակաւ կը դիմէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող բոլոր կազմակերպութիւններու ու միութիւններու վարչական կազմերուն՝ խնդրելով անոնց աջակցութիւնը այս գործի իրականացման համար:
Մեր խնդրանքն է, որ իւրաքանչիւր վարչութիւն ի՛նք նախաձեռնէ իր կազմակերպութիւնը ներկայացնող գրութեան պատրաստութեան, եւ հինգ հարիւր բառերու սահմանին մէջ փորձէ ամփոփել տեղեկութիւնները ու տարուան ընթացքին իր աշխատանքները, լաւագոյնս ցոլացնող քանի մը նկարներ ընտրէ եւ այս բոլորը հասցնէ մեզի՝ «Ասպարէզ»ին, մեր ելեկտրոնային «asbarez@editor.com» հասցէին: Համեմատաբար մեծ կազմակերպութիւններու պարագային, այս սահմանափակումը չի կիրարկուիր:
Նոր Տարուան այս յատուկ թիւը լոյս պիտի տեսնէ տարեգիրքի չափերով եւ գունազարդ: Մեր ժամկէտը Դեկտեմբեր 15 է: Բոլոր աշխատանքները պէտք է աւարտած ըլլանք այդ օրը, հետեւաբար պիտի խնդրենք, որ ձեր գրութիւնները մեզի ուղարկէք կարելի եղածին չափ շուտ:
Եթէ դժուարութիւն ունենաք պատրաստելու նիւթը, մեր խմբագրութիւնը պատրաստ է ձեզի օգնելու: Նման պարագայի դիմեցէք խմբագրութիւն՝ հեռաձայնելով 323-284-9200 թիւին: