«Հայաստանի բնապահպանման շարժումը անհնար է պատկերացնել առանց Յակոբ Սանասարեանի»: Այսպէս կը սկսի Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի հայկական բաժնի պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեանի պատրաստած կենսագրական բնութագիրը՝ ուղղուած յայտնի գործիչին: Իրապէս այդպէս է: Ղարաբաղեան շարժումի նախօրէին, հազիւ կորպաչովեան «փերէսթրոյքա»ի հովերը սկսան փչել, Հայաստանի մէջ առաջին հերթին աշխուժացան բնապահպանման համար պայքարող խմբակցութիւնները, որոնք իրենց օրակարգի վրայ ունէին Նայիրիտի քաուչիկի գործարանի թունաւոր արտանետումներուն վերջ տալու, Սեւանայ լիճը ճահճացումէ փրկելու, Կապանի ու Ալավերդիի հանքավայրերու միջավայրին պատճառած վնասներու մասին ահազանգումը եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներ:
«Գոյապահպանում» էր այն ժամանակ բնապահպանութեան համար պայքարողներու խմբաւորման անունը: Հետագային այդ անունը փոխուեցաւ ու դարձաւ Հայաստանի կանաչներու միութիւն, որուն առաջին տարիներու աշխոյժ գործունէութիւնը, հետագային, 1996էն սկսեալ, որոշ օրէնսդրական փոփոխութիւններու պատճառաւ, սկսաւ թուլանալ ու տկարանալ:
Յակոբ Սանասարեան, որ վերանկախացած Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ էր, բնապահպանութեան հարցերով զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններու տկարացման սկիզբը կը նկատէ 1996ին հասարակական կազմակերպութիւններու մասին օրէնքի ընդունմամբ՝ որուն իբրեւ հետեւանք քանդուեցաւ ու կտոր-կտոր եղաւ Հայաստանի կանաչներու միութիւնը՝ տեղը զիջելով հարիւրաւոր փոքր, ազդեցութիւն եւ ուժ չունեցող խմբաւորումներու, որոնց հիմնական նպատակը արտասահմանեան յատկացումներ ապահովելն ու այդ ճանապարհով եկամուտ ստանալը, աւելի ճիշդը՝ ապրուստ շահիլն էր:
Սանասարեան շատ զգացականօրէն կը մօտենայ այս խնդիրին: Ըստ կանաչներու շարժման ղեկավարին, հասարակական կազմակերպութիւններու այսպիսի տրոհումը կը հետապնդէ աւելի հեռաւոր նպատակ, որ հայկական պետականութեան թուլացումն է: Արդարեւ, այսպէս կոտորակուած հասարակական կազմակերպութիւններով հնարաւոր պիտի չըլլայ Հայաստանի պետութեան համար զօրաշարժ իրականացնել՝ ազգային որեւէ աղէտի ժամանակ: Նաեւ, այս օրէնսդրական քայլի ետեւ ան կը տեսնէ միջազգային ուժերու դաւադիր ձեռքը, որ կը միտի Հայաստանի մէջ նիւթական միջոցներով կառավարելի փոքր խմբակցութիւնները պահպանել՝ քանդելով ազգային հուժկու շարժումները, ինչպիսին էր Հայաստանի կանաչներու միութիւնը՝ ութսունականներու վերջը եւ իննսունականներու սկիզբը:
1936ին ծնած Սանասարեան արտաքնապէս երիտասարդ կ’երեւի եւ իր այդ տեսքը ան կը վերագրէ միշտ հանգիստ խղճով ապրելուն: Ծննդավայրը՝ Սեւանայ լիճի ափին գտնուող Երանոս գիւղն է։ 1968ին մեկնած է Մոսկուա եւ ընդունուած է Գիտութիւններու ակադեմիոյ Բնական միացութիւններու քիմիայի բաժանմունք։ Ստացած է Գիտութիւններու թեկնածուի (PhD) կոչումը՝ քիմիագիտութեան մէջ, 1974ին։ Հեղինակ է ութսունէ աւելի գիտական յօդուածներու։
Սանասարեանի ամէնէն կարեւոր իրագործումներէն մէկը Խորհրդային Միութեան ռատիօակթիւ թափօններու համար նախատեսուած չորս շրջանային գերեզմանոցներէն մէկուն կառուցման կասեցումն էր: Այս գերեզմանոցը պիտի կառուցուէր Արարատեան դաշտավայրի 800 մեթր խորքի վրայ գտնուող ջրամբարի յատակին եղած աղային շերտի վրայ, եւ եթէ իրականանար, ապա առողջական ահաւոր խնդիրներ պիտի ստեղծէր շրջանի բնակչութեան համար: Սանասարեան, ակադեմիկոս Գէորգի Տէր Ստեփանեանի աջակցութեամբ, յաջողած է կասեցնել այս վտանգաւոր նախագիծի իրականացումը:
Ներկայիս Հայաստանի կանաչներու միութիւնը կը գործէ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ՝ իրար թոյլ կերպով կապուած, ոչ այնքան համադրուած աշխատանք տանող մասնաճիւղերով: Ամէնէն գործուն մասնաճիւղերը Վանաձորի, Դիլիջանի, Իջեւանի, Արարատի, Մասիսի, Ղափանի ու Մեղրիի կազմերն են, որոնք բոլորը կը դիմագրաւեն նիւթական լուրջ սահմանափակումներ, որովհետեւ, երկրաշարժէն ետք, կանաչներու միութիւնը իր անդամներէն անդամավճար չառնել որոշած է: Նիւթական միակ միջոցը դրամաշնորհներն են, որոնց հանդէպ, ի՛նք՝ Սանասարեան, ունի լուրջ վերապահութիւն:
Շիկահողի անտառային հատուածի փրկութեան մէջ ի՞նչ դեր ունէր կանաչներու միութիւնը եւ ընդհանրապէս բնապահպանութեան ի խնդիր պայքարող միւս կազմակերպութիւնները: Ըստ Սանասարեանի, այստեղ ինչ որ կարելի եղած է իրականացնել, կամ փրկել, եղած է պարզապէս, որովհետեւ իշխանութեան համակարգին մէջ շահերու հակադրութիւն ու բախում եղած է, ճանապարհի շինարարութեան պայմանագրի կնքման թէ հատուած ծառերու փայտի իրացման իրաւունքներու խնդիրը դէմ դիմաց հանած էր ուժեղ տնտեսական խմբաւորումներ, որոնք տապալած էին այդ ծրագիրը՝ անուղղակիօրէն խնայելով Շիկահողի անտառային որոշ հատուածներ:
Սանասարեան հասարակական կարծիք ձեւաւորելու աշխատանքը այնքան ալ դիւրին չի նկատեր, որովհետեւ մամուլը չի տեսներ իբրեւ դաշնակից: Ժողովուրդին իրավիճակի մասին տեղեակ պահելու, սթափումի կոչեր հրապարակելու եւ շարժում յառաջացնելու ո՛չ մթնոլորտ կայ ո՛չ ալ հնարաւորութիւն՝ նման մթնոլորտի ստեղծման:
Սանասարեան Հայաստանի անտառներու անմխիթար վիճակին, երկրի անապատացման գլխաւոր պատասխանատուն տնտեսական ազատականացումը կը նկատէ: Պետութիւնը ձեռնարկած է գործընթացի մը, որ կը միտի սեփականացնել անտառային հատուածներ, որոնց վրայ վերահսկողական որեւէ դրութիւն չի հաստատուիր:
Ուրեմն ի՞նչ: Առանց տնտեսական-նիւթական միջոցներու, առանց կազմակերպական կենսունակ կառոյցի, առանց քարոզչական միջոցներու, առանց պետական աջակցութեան, առանց նաեւ Սփիւռքի օժանդակութեան, Հայաստանի կանաչները այս հանգրուանին պարտաւորուած են զբաղիլ տեղեկահաւաքի աշխատանքով, արխիւներու ուսումնասիրութիւններ կատարելով ու զանոնք տրամադրելով բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն բան մը ընել այդ ուղղութեամբ:
Թեղուտի, Ախթալայի, Ալավերտիի, Կապանի պոչամբառներու, անոնց թափօններու պատճառաւ գործուած վնասի ամբողջ ցաւը Սանասարեանի աչքերուն մէջ կը պատկերուի: Այս հանգրուանին, սակայն, ցաւիլը առանձինն անբաւարար է: Անհրաժեշտ է կազմակերպել, յստակ թիրախներ ճշդել եւ հասարակութեան հնարաւորութիւնները ուղղորդել դէպի այդ թիրախներու իրականացում:
Հասարակական այսօրինակ գիտակցութիւն ստեղծելու կրնայ ծառայել Յակոբ Սանասարեանի արտասահմանեան այս այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան դասախօսութիւններ, աւելի ճիշդը՝ զեկուցումներ պիտի ներկայացանէ տարբեր առիթներով: Առաջինը՝ Սեպտեմբեր 30ին, երեկոյեան ժամը ութին, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ՝ կազմակերպութեամբ Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան: Երկրորդը՝ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին կողմէ, նոյն գրադարանի սրահին մէջ, Կիրակի, 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը եօթին:
Իրանահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է 320 W. WILSON AVENUE SUITE 107, իսկ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի հասցէն՝ 222 E. Harvard
Str. Glendale:
Իբրեւ եզրակացութիւն՝ կ’ուզեմ դարձեալ մէջբերել Գրիգորեանի պատրաստած գրութեան վերջին պարբերութիւնը. «Յակոբ Սանասարեանի քննադատական եւ գիտավերլուծական հրապարակումները, նրա անխոնջ եւ հետեւողական
հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւնը մեծ նշանակութիւն ունեն Հայաստանի համար»։ Համաձա՛յն եմ: