Շուրջ երեսուն տարիներ առաջ ամերիկածին Ճորճ Ճորճորեան, իր ընտանիքին հետ Այնճար գնաց ու մէկ տարի սիրայօժար կերպով, այսինքն առանց որեւէ վարձատրութեան, մէկ դպրոցական շրջան թուաբանութիւն դասաւանդեց Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտներուն:
Այդ տարիներուն, հայութիւնը աշխարհով մէկ խաղաղօրէն կը քալէր դէպի ամբողջական միաձուլում աշխարհի տարբեր ազգութիւններու մէջ, ու թերեւս ազգայնական ու յեղափոխական զարթօնքի սերմերը սկսած էին ծլիլ, սակայն տակաւին տարիներ ետք է, որ անոնք պիտի բողբոջէին եւ ինչ որ ձեւով հասկնալի դարձնէին այս մարդուն անսովոր արարքը: (Տե՛ս նկարը):
Գիւղին մէջ, անշուշտ, եղան մարդիկ, որոնք մտածեցին, թէ Ճորճորեանը հաւանաբար մութ հաշիւ մը ունի, կամ մաս կը կազմէ միջազգային դաւադրութեան մը կամ լրտեսական կազմակերպութեան մը, այդ պատճառով ալ վերաբերմունք ճշդեցին իրեն հանդէպ՝ հետագային խորապէս զղջալով: Ուրիշ բացատրութիւն չէին կրնար տալ:
Հետագայ երեսուն տարիներուն պատահական հանդիպում մը Լոս Անճելըսի մէջ, ապա Հայաստան, երկու նոր բացայայտումներ մղեցին զիս, որ փնտռեմ այս մարդը եւ պարզաբանեմ ինծի եւ բոլոր կասկածողներուն, թէ ի՛նչ էր որ զինք դրդած էր գալու Այնճար:
Հայասիրութիւն: Հայրենասիրութեան պէս բան է, վստահաբար, սակայն Այնճարը հայրենիք չէր, գիւղ մըն էր եւ տակաւին, փառք Աստուծոյ եւ փառք գիւղը ղեկավարող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, տակաւին կը մնայ էապէս եւ ֆիզիքապէս հայկական տարածութիւն, միայն հայերով բնակուող շրջան:
Անցնինք բացայայտումներուն: Ասպարէզով ուսուցիչ, որ կը նշանակէ ոչ այնքան մեծ հարստութեան տէր դառնալու գործով մէկը, Ճորճ Ճորճորեան տարիներ առաջ հարիւր հազար տոլար փոխանցած է Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, որպէսզի այդ գումարէն ամէն տարի Հիմնարկութիւնը նիւթական օժանդակութիւն ղրկէ Այնճարի Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին, որպէսզի վարժարանը իր կարգին, կրթաթոշակներ տայ տաղանդաւոր, շնորհալի ուսանողներու, որոնք համալսարան երթալու իրաւունք նուաճած են եւ որոնք սակայն նիւթապէս անկարող են իրենց կրթութեան համար անհրաժեշտ վճարումները կատարել:
Հարիւր հազար տոլար գիւղի մը ուսանողներուն, գիւղ մը, որուն ծանօթացաւ, որուն զաւակներուն հետ մտերմացաւ, սիրեց եւ ինքն իրեն պարտականութիւն տուաւ իր կեանքի ընթացքին միշտ աչքի առջեւ ունենալ զանոնք եւ ըստ հնարաւորինս՝ օժանդակել:
Հիմա կը խօսինք իրարու հետ: «Ասպարէզ»ի բարեկամ, հարազատ Կարպիս Տագէսեանի միջոցաւ գտայ զինք ու հրաւիրեցի խմբագրատուն: Երկրորդ բացայայտումս կ’ուզէի հաստատել: Էջմիածնեցի Մուսա լերցիներէ, Զէյթլեաններէն իմացած էի, որ Ճորճորեան Հայաստանի մէջ աշակերտներու եւ ուսանողներու կը փորձէ օգնել՝ կրթաթոշակներ յատկացնելով դարձեալ կարիքաւոր, դարձեալ տաղանդաւոր երեխաներու:
Մենք խելացի ժողովուրդ ենք, կ’ըսէ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր երկիրը թողուլ խեղճ վիճակի մէջ:
Հայերէնը բաւական լաւացած է այն օրերէն, երբ, ես իններորդ դասարանի աշակերտ, առաջին շարքին նստած, հրաւիրած էի իր ուշադրութիւնը իմ դեղնած ատամներով եւ ստացած իր սրտնեղած յանդիմանանքը. դուն այս ակռաներով «թաքսի տրայվըր» ալ չես կրնար ըլլալ: Ակռաներս լուալու սկսայ, եւ կ’երեւի այդ էր ճանապարհը, որ զիս փրկեց շարժավարի ասպարէզէն ալ վատ գործի մէջ մտնելու հեռանկարէն:
1994էն ետք, միայն երեք տարի է, որ Հայաստան չէ այցելած: Ամէն տարի կ’երթայ, Էջմիածին կը դարձնէ իր կեդրոնը եւ այնտեղէն կը շրջի գիւղերը, աւանները: Կը հանդիպի դպրոցներ, կը ծանօթանայ աշակերտներու, անոնց ծնողներուն, անոնց կարիքներուն եւ, ըստ իր կարողութեան, անպայման օգնութեան ձեռք կ’երկարէ: Հաւատք ունի մարդոց հանդէպ, իսկ իր փորձառութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ ամրապնդած են իր հաւատքի սիւները:
Դրուագ մը իր հայաստանեան-արցախեան գործունէութենէն: Մէկ ամիս անցուցած է Շուշիի ժայռին տակ փռուած Քարինտակ հերոսական գիւղին մէջ: Ապրած է գիւղացիներուն հետ, եւ երբ իմացած է, որ գիւղամերձ հոսող գետի հեղեղման պատճառով, երեխայ մը խեղդուած է, ընդառաջած է գիւղապետի խնդրանքին՝ գետին վրայ կամուրջ նետելու գործը հովանաւորելու: Դրամը փոխացնած է գիւղապետին եւ ինք վերադարձած է Ամերիկայ: Յաջորդ այցելութեան, կամուրջը սարքուած էր:
Իր մօտ ունի թղթածրարներ ուսանողներու, որոնց օգնած է, անոնցմէ՝ Արթուր Ուստեան: Թիֆլիսէն: Ծանօթացած է իրեն, երբ այցելած է Վրաստան ու մնացած է իրենց տունը: Արթուրի հայրը պարտաւորուած է վաճառելու իր բնակարանը՝ հոգալու համար զաւկին համալսարանական ծախսերը: Ճորճորեան ինք ստանձնած է այդ ծախսերը եւ երկու տարի կիսած է ծնողներուն բեռը:
Լալան ու Վարդանը սպիտակցի են: Լալան բնագիտութեան ուսուցչուհի է, Վարդանը հեռախօսներ կը նորոգէ: Ճորճորեան իրենց քով կը մնայ Սպիտակ կատարած իր այցելութեանց ընթացքին: (Տե՛ս նկարը):
Գիւմրիի մէջ, Յարութիւնեան ընտանիքի զաւակներուն կրթութեան ծախսերու աջակցութիւն: Գառնիկ Յարութիւնեան աւարտած է սպայից վարժարանը եւ հիմա հայկական բանակի սպաներէն մէկն է: (Տե՛ս նկարը):
Ճորճորեան որոշած է բաւական կոկիկ գումարով նոր հիմնադրամ մը ստեղծել, որպէսզի պատահականութեան չթողու հայաստանցի ուսանողներուն օգնելու իր գործի շարունակութիւնը:
Նստած եմ դիմացը բերանս լայն բացած, իբրեւ թէ անգիտակցաբար, ցոյց տալու համար, թէ լաւ հոգ տարած եմ ակռաներուս: Ինք ուրախ է: Չի ալ նկատեր ակռաներս, եղբօր մասին կը խօսի: Իրենք, եղբայրներով, երրորդ սերունդի ամերիկահայեր են: Դիմացած էին մինչեւ Հայաստանի անկախութիւնը: Հիմա հզօրացած են իրենց հայկականութեամբ: