ԺԸՆԵՒ, «Արմէնփրէս».- «Աթաթուրքականներու կարծիք» կազմակերպութեան Պեռնի մասնաճիւղին կողմէ, 2007ի Յուլիս 1ին Զուիցերիոյ Ուինթերհուր քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ալի Մերճան յայտարարած է, թէ ան կը միանայ յիշեալ կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փէրինչէքի անցեալ տարի Զուիցերիա կատարած՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը իմփերիալիստների (կայսերապաշտներ-Խ) սուտն է» արտայայտութեան:
Այդ պատճառով, Զուիցերիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Մերճանը, հաւաքի կազմակերպիչ, Զիուրիխի մասնաճիւղի նախկին նախագահ Հասան Քեմալը, կազմակերպութեան Պեռնի մասնաճիւղի նախագահ Էթհեմ Քայալըն եւ 8 ժամ տեւած հետաքննութենէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժելու յանցանքով դատական ամբաստանութիւն յարուցած է անոնց դէմ: Դատարանը կայացուցած է հետեւեալ դադավճիռները. Ալի Մերճանին՝ 150 օր կալանք, որ փոխարինուած է 4500 զուիցերական ֆրանքի փոխհատուցումով, Հասան Քեմալին եւ Էթհեմ Քայալըին՝ 120ական օր բանտարկութիւն կամ 3600 զուիցերական ֆրանքի փոխհատուցում:
Անցեալ տարի Զուիցերիոյ մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, հակահայկական գործունէութեամբ յայտնի Տողու Փէրինչէքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար, իր բացակայութեան ենթարկուած էր 90օրեայ ազատազրկման եւ 16,873 զուիցերական ֆրանքի պատիժի: Ներկայիս ան կալանքի տակ կը գտնուի, «Էրկենեքոն» ծայրայեղ ազգայնական ահաբեկչական խմբաւորման շուրջ Թուրքիոյ մէջ բացուած հետաքննութեան պատճառով: