ՄՈՆԹՐՈԶ.- Հայ Քոյրերու վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ «Լինսի» հիմնարկը 2008-2009 տարեշրջանին համար 185,000 տոլար առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է վարժարանին, որ մեծամասնութեամբ պիտի տրամադրուի վարժարանին ճարտարագիտական, արխիւային ու ուսուցչական կարիքներուն:
«Լինսի» հիմնարկի նախագահ Ճէյ Ռաքօ եւ փոխնախագահ Յարութ Սասունեան անցեալ Մայիսին այցելած էին Հայ քոյրերու վարժարանը, ուր հանդիպում մը ունեցած էր վարժարանի տնօրէնուհի քոյր. Լուսիայի եւ վարժարանի խորհրդական մարմնին հետ, միաժամանակ այցելելով շարք մը դասարաններ:
Միջնակարգ վարժարանի տնօրէ-նութիւնը, անձնակազմը եւ ծնողքները կ’ողջունեն այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը, որ բնականաբար պիտի հարստացնէ վարժարանին կրթական կեանքը:
1985ին հաստատուած Հայ քոյրերու վարժարանը մէկն է Անաղարտ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան հովանիին տակ եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող երեք վարժարաններէն եւ վարկաւորուած է «WASC»ի կողմէ: