Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս հայց. եկեղեցւոյ երկարամեայ նուիրեալ անդամ, Արեւմտեան թեմի, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ եւ ա՛յլ հաստատութիւններու բարերար եւ Արեւմտեան թեմի Մնայուն հիմնադրամի հիմնադիր՝ իրաւաբան Վարնըմ Փօլ, իր հարիւրամեայ տարիքին, կարճ հիւանդութենէ մը ետք կնքեց իր մահկանացուն:
1908ին Մէսէչուսէց ծնած գաղթական խարբերդցի ծնողքի (Պօղոսեան) զաւակը հանդիսացող Վարնըմ ընտանեօք Ֆրեզնօ փոխադրուած էր 1917ին եւ 1933ին իրաւաբան դարձած էր: Երկար տարիներու ընթացքին իր օրինակելի ղեկավարութեան, նուիրումին եւ բարերարութեան համար, Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի» Ա. կարգի շքանշանով պատուեց երկու Փօլ Եղբայրները՝ Վարնըմ եւ տոքթ. Պէր Փօլը, երբ նորին սրբութիւնը 1996ի իր հովուապետական անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Արեւմտեան թեմին: