ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի արուեստի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանը Կիրակի, 23 Նոյեմբերին ամբողջ կէսօրէ ետք մը տրամադրած էր հայկական արուեստին եւ մշակոյթին նուիրուած դասախօսութեանց եւ կատարումներու՝ նշելու համար Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարանին կողմէ «Մեթրոփոլիթըն»ին կատարուած 12րդ դարու հսկայ խաչքարի մը երկարատեւ փոխատուութիւնը։
Ծրագիրին մաս կը կազմէին Քոլոմպիա համալսարանէն Նինա Կարսոյեանի, Նիւ Եորքի համալսարանէն Թոմըս Մաթիուզի եւ Ֆլորիտայի նահանգային համալսարանէն Լին Ճոնզի նման ականաւոր մասնագէտներու կողմէ ներկայացուած դասախօսութիւններ։ Ծրագիրին մաս կը կազմէր նաեւ դերասան Նորա Արմանիի եւ թաւջութակահար Տէվիտ Պաքամճեանի կողմէ գեղարուեստական ներկայացում մը։
Այս առիթով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, դոկտ. Հելէն Ս. Էվընզը պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ առ ի գնահատանք Բիւզանդական ժամանակաշրջանի հայկական արուեստին եւ մշակոյթին վերաբերեալ անոր կատարած մասնագիտական աշխատանքին։ Դոկտ. Էվընզ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի Մերի եւ Մայքըլ Ժահարիսի անուան Բիւզանդական արուեստի բաժանմունքի պատասխանատուն է։