Կարօտցած էինք Վաչէ Բրուտեանը։ Եւ իսկապէս համով հոտով վայելեցինք Հոկտեմբեր 28ի «Ասպարէզ»ի թիւով հրամցուած «Հանրահաւաք Ընե՞լ, Թէ Չընել» անդրադարձը։
Հետեւելով Վաչէի մասնագիտական հաստատումին, թէ «առաջին էջը որեւէ թերթի համար, ամենակարեւորն է» եւ պարզօրէն տրամաբանելով, թէ էջ 2ը կը յաջորդէ 1ին, կը գիտակցինք իր անդրադարձին կարեւորութեան։
Խիստ գնահատելի է նաեւ դաշնակցական մամուլի (արդարեւ պիտի ըսէի որեւէ հոսանքի պատկանող մամուլի) մէջ տեսնել շինիչ երեւոյթը «ներքին» քննադատութեան, կամ միեւնոյն կազմակերպութեան (այս պարագային՝ Դաշնակցութեան) մէջ, հարցերու շուրջ արտայայտուած կարծիքներու զանազանութեան եւ անոնց քաղաքավար դրսեւորման եւ հրապարակման։
«Պռաւօ՛» Վաչէ եւ «Ասպարէզ»։
Եւ ապա կրկին պռաւօ։ Այս անգամ, պրաւօ՛ «Ասպարէզ» եւ «Ազդակ»։ Այս պարագային որովհետեւ, ըստ Վաչէի իսկ սահմանումին, «Սկզբունքային խնդիր պէտք է նկատել որեւէ լուր, որ Դաշնակցութեան տեսանկիւնէն Հայաստանի կամ հայութեան համար օգտակար կամ նպաստաւոր չէ, պէտք չէ այդ էջին (այսինքն՝ առաջին) վրայ տեղ գտնէ»: Եւ ճիշդ այս տրամաբանութեամբ է մեր երկրորդ «պրաւօ՛»ն։
Յստակ է, որ ըստ «Ազդակ»ի եւ «Ասպարէզ»ի, այդ լուրը, այսինքն՝ «ընդդիմութեան զանգուածային հանրահաւաքներու եւ երթերու ժամանակաւոր դադրեցումը», Դաշնակցութեան տեսանկիւնէն, հայութեան համար օգտակար եւ նպաստաւոր սեպուած է, եւ որուն պատճառաւ եւ «սկզբունքային նկատումով» արժանացած է երեւնալու առաջին էջի վրայ։
Եւ ինչո՞ւ ոչ։
Հակառակ Աբօ Պօղիկեանի Հոկտեմբեր 24ի թիւով տրուած «տարբեր մեկնութեան», տակաւին տարբեր մեկնութիւններ ալ կան։
Տարիէ մը ի վեր բեւեռացած հակոտնեայ ուժերու միջեւ նկատուած հաւանական հաշտարար երկխօսութեան մը արդիւնքը եղած ըլլալու նշոյլը չի՞ թելադրեր արդեօք այդ քայլը։
Մարտ 1ի դէպքերով,- ես պիտի ըսէի՝ ոճիրով,- իր զէնիթին հասած անհաշտ եւ անհաղորդակից կողմերու միջեւ տեղի ունեցող ճակատումներուն սառնահալի սկիզբի մը յուսալից երեւոյթը չի՞ թելադրեր արդեօք։
«Ասպարէզ»ի էջերէն հաղորդուած է նախագահ Սերժ Սարգիսեանի հրամանագրով, Մարտ 1ի դէպքերու քննարկման երկրորդ յանձնախումբի կազմութիւնը։
Խոշորացոյցի տակ առնելու պէտք չկայ նկատելու համար, թէ առաջին անգամ ըլլալով հինգ հոգինոց յանձնախումբի անդամներէն երկու ընդդիմադիր ներկայացուցիչներէն մէկը՝ արտախորհրդարանական եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած ընդդիմադիր շարժումին ներկայացուցիչն է։ Երկար ատենէ ի վեր պահանջուած եւ սպասուած, երկարած հաշտարար բարեբեր ձեռքի մը շուքը չ’երեւի՞ր այս որոշման մէջ, որուն համապատասխան տրամաբանական ընդառաջումը եղած կրնայ ըլլալ ընդդիմութեան «ժամանակաւոր» դադրեցումը զանգուածային հանրահաւաքներու եւ երթերու, որքան ալ տարբեր պատճառաբանած ըլլայ նոյնիսկ ինք՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը։
Ահաւասիկ առաջին էջի արժանի լուր մը, որուն համար Հայաստանեան ներքաղաքական տագնապով մտահոգ ամէն հոգատար, հայ գոհունակութեան զգոյշ, բայց՝ լաւատես, խորունկ շունչ մը կրնայ քաշել։
Այո, ձմեռը չի խանգարեր հայ ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան եղանակը։ Վկայ՝ Փետրուար 1988ի Արցախեան շարժումին ի նպաստ մէկ միլիոն հայորդիներու Երեւանեան ցոյցերն ու հանրահաւաքները։
Մեր հաւաքական յոյսը տակաւին թող ըլլայ այն, որ այլեւս հանրահաւաքներն ու երթերը դադրին ոչ միայն ժամանակաւորապէս, այլ՝ վերջնականապէս։ Իսկ մասնակիցները բոլորը առիթը եւ միջոցը ունենան՝ հայրենանուէր, անշահախնդիր, ինքնահարստացումի մոլուցքէն հեռու եւ ժողովուրդի շահերու նուիրուած Իշխանութեան մը անդուլ աշխատանքով ուղղուելու ոչ թէ հրապարակ, հաւաքի կամ երթի, այլ աշխատավայր՝ շարունակելու համար նորանկախ հայրենիքի քրտնաթոր կերտումը, իրականացնելու համար իր հարազատ հողին վրայ ժողովուրդի մը երջանիկ ապրելու իղձն ու պատուաբեր իրաւունքը։
Մինչ այդ, խնդրեմ, մի զրկէք մեզ Վաչէ Բրուտեանի անդրադարձներէն մինչեւ իսկ առաջին էջերու վրայ։