Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12ին, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութեան պետ Մարսէլ Պետրոսեան ողջունեց Ստեփանակերտի մէջ նոր թղթակից նշանակելու «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին որոշումը՝ զայն քաղաքացիական զարգացման, խօսքի եւ տեղեկութիւն ստանալու ազատութեան ապացոյց համարելով:
Ան յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մտադիր են շուտով փակել «Ազատութիւն», «Ամերիկայի ձայն» եւ «Պի.Պի.Սի.» կայաններու թղթակցական կէտերը, ցոյց տալով, թէ Ատրպէյճանի ներքին իրադարձութիւններուն մասին հաւաստի տեղեկատուութեանց տարածումը նպաստաւոր չէ Պաքուին, որուն իշխանամէտ լրատուական միջոցները բացայայտ հակահայկական քարոզչութեան դիմած են: Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, արցախցիները կը ձգտին դառնալ աւելի ժողովրդավարական պետութիւն, եզրակացուց ան՝ վստահեցնելով, թէ այդ որոշումը պիտի նպաստէ Արցախի տագնապին աւելի լայն ու անաչառ լուսաբանման: