ՊՈԼԻՍ.- Պոլսահայ Բարսեղ Թուղլաճեանի ստորագրութեամբ ու հեղինակութեամբ վերջերս հրատարակուած է թրքերէն գեղատիպ գիրք մը՝ «Գրիգոր Զօհրապ Էֆէնտի» խորագիրով, որ նուիրուած է Գրիգոր Զօհրապի կեանքին ու գործին։ Գեղատիպ գիրքին էջերուն մէջ սակայն, հեղինակը յետին մանրամասնութեամբ կը պատմէ Զօհրապի ունեցած եղերական վախճանին մասին։
Թուղլաճեանի գործին մէջ ուշագրաւ ու հետաքրքրական են արխիւային հարուստ լուսանկարներն ու հին հրատարակութիւններէ քաղուած էջերու վերարտադրութիւնը։ Հոն կարելի է տեսնել Զօհրապի երիտասարդ կամ հասուն շրջաններէ այնպիսի լուսանկարներ, որոնք ընդհանրապէս տեսնուած չեն ցայսօր։
Օգտուելով իր տրամադրութեան տակ գտնուող լայն աղբիւրներէ՝ Թուղլաճեան կրցած է ճշդել թուականներու կարեւոր իրադարձութիւնները եւ Զօհրապի ունեցած աշխատանքն ու ելոյթները։ Աւելին. Թուղլաճեան այս պատմութեան վրայ աւելցուցած է բոլոր այն իրադարձութիւնները, բանախօսութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները, որոնք կատարուած են նոյն նիւթին շուրջ՝ յաջորդ տասնամեակներու ընթացքին։ Ասոնցմէ վերջինն է 2007 թուականին Թուրքիոյ Պատմութեան ու հաւաքական գիտութիւններու հիմնարկին մէջ, Նէշէ Օզանի ու Այշէ Կիւնէյսուի կողմէ Զօհրապին մասին տրուած ելոյթը: