Արդէն իսկ հրապարակի վրայ է «Ի Դէպ» գրական պարբերաթերթի 7րդ թիւը՝ խմբագրութեամբ Էլիզապէթ Գրիգորեանի:
32 էջնոց թիւին մէջ յօդուածներ ունին Գուրգէն Արզումանեան («Այսպէս խօսեց Ստեփանը»), Պետրոս Ալահայտոյեան (Բնութեան անխօսերգութիւնը»), Մարուշ Երամեան («Թատրոնը Հալէպի մէջ, ուրկէ՞ ուր»), կայ նաեւ Ժիրայր Չոլաքեանի մէկ արարնոց «Մեծարանք եւ յաճախանք» թատերգութիւնը: Ստանալու համար, դիմել eteb@earthlink.net: Թերթին համացանցային կայքն է՝ www.etteb.com: