Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի կարծիքով, բացառուած չէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան համաներում յայտարարէ Մարտ 1ի յետընտրական զարգացումներու հետեւանքով ձերբակալուած ընդդիմութեան գործիչներուն ուղղութեամբ:
Միջազգային տարբեր կառոյցներ ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ինչպէս՝ Եւրոխորհուրդը եւ անոր մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկը, տարբեր առիթներով բարձրացուցած են Մարտ 1-2ի իրադարձութիւններու պտճառով կալանաւորուած կամ դատապարտուած անձանց ազատ արձակելու հարցը:
Դեկտեմբեր 3ին ստորագրած հրամանագրով, նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն ներում շնորհած էր այդ խմբակի կալանաւորներէն երեք դատապարտեալներու, որոնք իրենց մեղքը ընդունած էին եւ ներում խնդրած՝ հանրապետութեան նախագահէն:
Ընդդիմութիւնը քննադատած էր նախագահին այդ քայլը, նշելով, որ Սահմանադրութեամբ նախագահին վերապահուած են ինչպէս ներում, այդպէս ալ համաներում շնորհելու լիազօրութիւններ. մարտեան իրադարձութիւնները վերջանալէ ետք, ձերբակալուածները անմեղ են, հետեւաբար, անոնք չեն կրնար ընդունիլ իրենց չըրած մեղքը, եւ անոնց նկատմամբ նախադատական ներում շնորհելու սահմանադրական սկզբունքը չի կրնար կիրառուիլ:
«Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած զրոյցի մը ընթացքին, մեկնաբանելով երկու հասկացութիւններու տարբերութիւնը՝ իշխող քաղաքական համաձայնութեան մաս կազմող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան բացատրեց, թէ ներումը մարդասիրութեան արտայայտութիւն է, բայց համընդհանուր մարդասիրութեան դրսեւորումը համաներումն է, եւ «ես չեմ բացառում, որ հանրապետութեան նախագահը այդ քայլին կը դիմի: Ի հարկէ, շատ կարեւոր է, որ այդ քայլը լինի աւելի արագ եւ աւելի կշռադատուած»: Մինասեան նաեւ զգուշացուց, թէ համաներման որեւէ հրաման պէտք չէ ստուերի տակ առնէ արդարադատութեան գործադրումը, որ պէտք է տեղի ունենայ երկրին մէջ: