ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 11 Յունուարին, Կլէնտէյլ Հայ Սքուլի 1500 տեղանոց սրահը լի էր Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութեան մասնակից ըլլալու եկած հայորդիներով, որոնց շարքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի միակ ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ «Ժառանգութեան» ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեան, անոր հայրը՝ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, Հայաստանի հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան, Հայոց եկեղեցւոյ երկու թեմերու առաջնորդները, ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի Կեդրոնական եւ շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, «Համազգային»ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ, կուսակցութիւններու ու այլ միութիւններու ներկայացուիցչներ:
Քայլերգներու կատարումէն ու ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտներու կողմէ դրօշակի արարողութենէն ետք, գործադրուեցաւ ճառերէ, «Սերունդէ սերունդ» խորագրեալ տեսաերիզով ներկայացուած զեկուցական ու պատմական ներկայացումներէ ու գեղարուեստական իւրայատուկ ծրագիրէ բաղկացած յայտագիր մը:
Յայտագիրը վարեցին Սիփան Բարսեղեան եւ Դալար Տէրտէրեան: Խօսք առին ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Արմէն Աբուլեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ գլխաւոր բանախօսը՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան: Թերթիս հետագայ թիւերուն մէջ պիտի ներկայացնենք օրուան քաղաքական պատգամը փոխանցող այս ելոյթները՝ իրենց ամբողջական տեսքով:
Գեղարուեստական ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգչուհի Աննա Արմենակեան, երգիչներ Աւօ Աշճեան, Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններ:
Հայ պարարուեստի կեդրոնի սաները ներկայացուցին պար մը, որով այլասերման դէմ պայքարի քրոզչութիւն կը կատարուէր: