ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 1ի դէպքերուն եւ յաջորդող օրերու իրադարձութեանց կապակցութեամբ Հայաստանի դատախազութեան կողմէ ամբաստանուած ու արգելափակուած ընդդիմադիր եօթը գործիչներուն դատավարութիւնը, որ պէտք է շարունակուէր անցեալ Շաբաթ օր, յետաձգուեցաւ դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի կարգադրութեամբ՝ «հիմք ընդունելով մեղադրեալների ոտքի չկանգնելը եւ դատարանի նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքը»:
Դատավարութիւնը յետաձգուած է մինչեւ 2009ի Յունուար 9ը: Յիշեցնենք, որ այս գործիչները մեղադրուած են «սպանութիւններով զուգորդուած զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու եւ պետական իշխանութիւնը բռնութեամբ զաւթելու» յանցանքով: Եօթի խումբին մաս կը կազմեն նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Արզումանեան, պատգամաւորներ Միասնիկ Մալխասեան, Յակոբ Յակոբեան, Սասուն Միքայէլեան, ՀՀՇ անդամ Գրիգոր Ոսկերչեան, Սուրէն Սիրունեան եւ Շանթ Յարութիւնեան:
Ամբաստանեալները յայտնած են, որ իրենք երբեք պիտի չհամաձայնին ոտքի կանգնելու դատաւորին համար, ինչ որ կը նշանակէ, որ դատավարութիւնը այսպէս շարունակ կրնայ յետաձգուիլ: