ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան հաղորդեց, թէ թանգարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն. դիւանագիտական վաւերագրեր» շարքէն «Իտալիայի արտաքին գործերի նախարարութեան պատմական-դիւանագիտական արխիւի վաւերագրերը՝ հայկական հարցի մասին. 1913 -1923 թուականներին» երկհատորեակին Ա. հատորը, ուր տեղ գտած է 1913-1917 թուականներու իրադարձութիւններուն առնչուող 225 դիւանագիտական փաստաթուղթ:
Անոնց կարեւորութիւնը կը կայանայ այն ճշմարտութեան մէջ, որ փաստաթուղթերը առնչուած են Մեծ Եղեռնի իրողութեան, եւ վաւերագրական հաւաստիութեամբ լոյս կը սփռեն այդ ժամանակահատուածի հայկական կոտորածներուն գործադրման վրայ: Ըստ Հ. Դեմոյեանի, ժողովածուին Բ. հատորը պիտի ընդգրկէ 1918-1923 թուականներու իրադարձութիւններուն վերաբերող նիւթեր:
Իտալիոյ մէջ փաստաթուղթերուն ուսումնասիրութեան, հաւաքի եւ պատրաստութեան աշխատանքները կատարած է Արամայիս Բալոյեան, այնուհետեւ աշխատանքը շարունակած են թանգարան-հիմնարկի աշխատողները, որոնք երկհատորեակին միացուցած են 1908-1909ի Կիլիկիոյ հայկական կոտորածներուն առնչուող 20 փաստաթուղթ, զոր առաջին անգամ ըլլալով շրջանառութեան մէջ կը դրուի: