ԵՐԵՒԱՆ. «ԱրմենիաՆաու».- Մեծ վերընթացէ մը ետք, հայկական դրամը սկսած է համեմատաբար արժեզրկուելու՝ խախտելով երկար տարիներու չափանիշը, ըստ որուն ձմեռնային տօներու նախաշեմին դրամի արժէքի բարձրացում կը նկատուէր:
Այս շաբաթ Երեւանի լումայափոխման կէտերուն մէջ մէկ տոլարը վաճառուած է 308-310 դրամով: Մինչ այդ, հայկական արտարժոյթը տոլարի նկատմամբ 8-10 դրամով բարձր էր ամբողջ տարուան ընթացքին:
2002-2003ի միջեւ մէկ տոլարը Հայաստանի մէջ կ’արժէր 590 դրամ, իսկ անկէ ետք ԱՄՆ վարչակազմի «Աժան տոլար»ի քաղաքականութիւնը, տարիներ վերելք ապրած Հայաստանի տեղական տնտեսութիւնը, տարէցտարի աճող մասնաւոր դրամական փոխանցումները եւ այլ գործօններ պատճառ հանդիսացան, որ հայկական դրամին արժէքը տարիներ շարունակ կայուն մնալով՝ 2008ին դառնայ 300՝ մէկ տոլարին նկատմամբ: Այդ արժեւորումէն ետք, սակայն, դրամը երկու անգամ կտրուկ անկում ապրեցաւ:
Համաշխարհային դրամա-տնտեսական վերջին ճգնաժամին հետեւանքով տարածուած համընդհանուր լճացումը նաեւ ազդեց Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:
Տնտեսագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան, Երեւաի «Փոլիթիքոնոմիքա» հետազօտական հիմնարկի ղեկավար Անդրանիկ Թեւանեան յայտնած է, թէ ինք անմիջական կապ կը գտնէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տոլարի ներհոսքի նուազման եւ դրամի արժէզրկման միջեւ:
Այդ իսկ պատճառով, Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ դուրսէն փող գտնել՝ լրացնելու համար արտարժոյթի ներհոսքի պակասը:
Յետխորհրդային կարգ մը երկիրներ, ինչպէս՝ Ուքրանիան, Ռուսիան եւ միւսները, արդէն իսկ զգացած են տոլարի նկատմամբ իրենց արժոյթներու արժեզրկումը, իսկ Հայաստան, ուր ապրանքի ներմուծումը չորս անգամով աւելի մեծ է, քան արտածումը, կառավարութիւնը կը փորձէ դրամը զերծ պահել արժէզրկումէ, որպէսզի կանխէ ներմուծուող արտադրութիւններուն սղաճը: