ԱՅՆՃԱՐ.- Հ.Յ. Դաշնակցութեան 118ամեակին նուիրուած եւ Այնճարի ՀՅԴ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7։15ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ։
Ձեռնարկին ներկայ էր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ յատուկ հրաւիրուած էր օրուան խորհուրդը փոխանցելու համար։ Ներկայ էին նաեւ գիւղի քաղաքապետ Սեպուհ Սգայեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, գիւղի համայնքներու եւ միութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ՝ Այնճարէն եւ Զահլէէն։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, ձեռնարկին բացումը կատարեց Լուսիկ Տէր Գալուստեան՝ ներկաները մէկ վայրկեան հրաւիրելով յոտնկայս յարգելու դաշնակցական բոլոր նահատակներուն յիշատակը, այնուհետեւ ներկայացուց ձեռնարկին համար նախատեսուած յայտագիրը:
«Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Րաֆֆի Գէորգեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴի եւ Մուսա Լերան ժողովուրդին մէկ դարի կապուածութեան՝ յայտնելով, թէ ՀՅԴն հիմնած եւ զարգացուցած է Այնճարը 70 տարիներէ ի վեր եւ պիտի շարունակէ ծառայել մեր ժողովուրդին։
Ան նաեւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդին անհարազատ ուժեր եւ հոսանքներ տեղ չունին Այնճարի մէջ եւ անոնք մերժելի են բոլորին կողմէ անխտիր»:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը։
ՀՅԴ 118ամեակի պատգամը փոխանցեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Ան նշեց, որ ՀՅԴ բոլոր միջոցներով ծառայած է հայ ժողովուրդին իր հիմնադրութենէն ի վեր։ Անոր խօսքով, ՀՅԴն ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդէն՝ անոր ծառայելու համար եւ դարձաւ կուսակցութիւն մը՝ «ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար»։
Բանախօսը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՅԴի տարած աշխատանքը եւ ծանրացաւ ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան վերջին մէկ տարուան գործունէութեան վրայ։ Ան յատկապէս շեշտեց կուսակցութեան՝ երկխօսութեան թիկունք ըլլալու իրականութիւնը եւ բոլոր միջոցներով լիբանանահայութեան արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու երեւոյթը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն՝ յայտնելով, որ ՀՅԴն իր թեկնածուները պիտի առաջադրէ Լիբանանի բոլոր այն ընտրատարածքներուն մէջ, ուր հայկական աթոռներ գոյութիւն ունին։ Բանախօսը յայտնեց նաեւ, թէ «լիբանանահայութիւնը ծախու ապրանք չէ, ան բարձր արժանապատուութեան տէր է եւ խաբուողը չէ բոլոր ընտրութիւններուն նախօրեակին երեւցող եւ օժանդակութեան խոստումներ տուող մարդոցմէ կամ հոսանքներէ»։
Ձեռնարկի վերջին բաժինով ազգային-յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ հալէպահայ սիրուած երգիչ Գօգօ Թիւթիւնճեան՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ։ Երգիչին կողքին բեմին վրայ էին նաեւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամները, որոնք դրօշակներ պարզելով՝ յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեցին։