ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անգարայի դատախազութիւնը սկսած է քննել հայերէն ներողութիւն խնդրելու համացանցային արշաւի հեղինակներուն դէմ դատ բանալու հարցը։ Ինչպէս յայտնի է, քանի մը թուրքեր դիմած էին դատախազութեան, պնդելով, որ ներողութիւն խնդրողները նախատած էին թուրք ժողովուրդը եւ պէտք է դատուէին քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածին համաձայն։
Դատախազը ներկայիս կը քննէ այն հարցը, թէ անոնք իսկապէս այդպիսի յանցանք մը գործա՞ծ են։ Այնուհանդերձ, դատ բանալը կախեալ պիտի ըլլայ արդարադատութեան նախարար Մէհմէտ Ալի Շահինէն։ Նախարարը եթէ չարտօնէ, դատ չի բացուիր, իսկ արտօնելու պարագային, դատախազը իրաւունք ունի հրաժարելու դատէն։