ԼՈՆՏՈՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Բրիտանիոյ «Սքայ նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը Երկուշաբթի, Յունուար 26ին միացաւ «Պի.Պի.Սի.»ի կայանին՝ մերժելով սփռել Կազայի վրայ իսրայէլեան զինուորական գործողութենէն տուժողներուն համար միջազգային շարք մը կազմակերպութեանց կողմէ միացեալ դրամահաւաքի մը ծանուցումները:
Երկու ընկերութեանց որոշումը արժանացաւ մարդասիրական եւ պաղեստինցիներուն իրաւանց պաշտպան կազմակերպութեանց դատապարտումին: Այս վերջինները յայտարարեցին, թէ կայաններուն այս քայլը փաստ մը եւս կու գայ աւելցնելու, թէ անոնք Իսրայէլի ի նպաստ կողմնորոշուած են եւ չեն կրնար արդար ու անկողմնակալ լրատուական գործակալութիւններ նկատուիլ:
13 մարդասիրական կազմակերպութիւններ, ներարեալ Բրիտանիոյ Կարմիր խաչն ու «Օքսֆէմ»ը, նախաձեռնած էին այս դրամահաւաքին, որուն ծանուցումները ցուցադրուեցան «Այ.Թի.Վի.», «Չէնըլ 4» եւ «Չէնըլ 5» կայաններէն:
Աւելի քան 11,000 հոգի եւ 50 երեսփոխաններ կոչ ըրին «Պի.Պի.Սի.»ին, որ վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը: