Երեքշաբթի, Փետրուար 3ին, Հոլիվուտի «Փրէսպիթէրիըն» Բժշկական կեդրոնը եւ Ամերիկեան սրտի ընկերակցութիւնը, իրենց ուժերը միացնելով՝ Հոլիվուտի մէջ ձեռնարկեցին հանրութիւնը լուսաբանելու արշաւի մը, որուն նպատակն է կանխարգիլել սրտի հիւանդութիւններն ու երակներու խցանումը։
Հիւանդանոցի շրջափակին մէջ, տօնական մթնոլորտի մէջ, երաժշտութեամբ եւ խորովածի հիւրասիրութեամբ, աւելի քան 1200 պաշտօնեաներ հաւաքուեցան եւ մօտէն ծանօթացան հիւանդանոցին եւ Ամերիկեան սրտի ընկերակցութեան ապագայ ծրագիրներուն, շրջանի բնակիչները լուսաբանելու, դաստիարակելու եւ ձրիօրէն քննութիւն կատարելու, նաեւ կանխարգիլելու համար երակներու խցանումն ու սրտի հիւանդութիւնը։
Ամերիկեան սրտի ընկերակցութեան փոխնախագահ եւ Արեւմտեան Նահանգներու Լոս Անճելըսի բաժանմունքի գործադիր տնօրէն Քլօտիա Պոնիլա Քելըր յայտարարեց. «Շատ ուրախ ենք Հոլիվուտի «Փրէսպիթէրիըն» Բժշկական կեդրոնը իբրեւ մեր գործընկերը ունենալու համար. կ’ողջունենք իրենց կեցուածքը եւ կը գնահատենք իրենց գործակցութիւնը՝ իրենց անձնակազմով մասնակցելու մեր առաքելութեան՝ Լոս Անճելըսի բնակիչներուն առողջութիւնը բարելաւելու համար, մանաւանդ սրտի եւ երակներու խցանման մարզին մէջ. այս հաստատութիւնը իր գործունէութեամբ օրինակ կը հանդիսանայ առողջապահական այլ կազմակերպութիւններու»։
Հոլիվուտի «Փրէսպիթէրիըն» Բժշկական կեդրոնի աւագ գործադիր տնօրէն Թէֆ Նելսըն իր խօսքին մէջ Ամերիկեան սրտի ընկերակցութեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հիւանդանոցի ծրագիրներուն, որոնց ծիրէն ներս 2009ի ընթացքին, հիւանդանոցի պաշտօնեաներէն եւ անմիջական շրջանի բնակիչներէն ընտրելով 1923 անձեր, որոնց առողջութիւնը կը գտնուի խիստ վտանգաւոր դրութեան մէջ, ձրիօրէն պիտի ենթարկուին ծայրամասերու երակային հիւանդութիւններու (Peripheral vascular disease-PVD) քննութեան։
«Մենք 100 տոկոս նուիրուած ենք կանխարգիլելու սրտի եւ երակներու հիւանդութիւնները», ըսաւ Թէֆ Նելսըն։
Գտնուելով Փոքրիկ Հայաստանի սրտին մէջ, Հոլիվուտ «Փրէսպիթէրիըն» Բժշկական կեդրոնը, վերջերս բացումը կատարեց Հոլիվուտի սրտի եւ երակներու հիմնարկին։ Հիւանդանոցը ի մտի ունենալով Հոլիվուտի եւ Կլէնտէյլի հայութիւնը՝ իրականացուց դաստիարակչական ծրագիր մը հայերէն լեզուով:
«Կարգ մը հայեր, իրենց ապրելակերպի եւ սննդականոնի պատճառաւ, շատ աւելի հակամետ են սրտի եւ երակներու խցանման հիւանդութիւններու», ըսաւ Հոլիվուտի սրտի եւ երակներու հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Տօն Լի։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, մօտաւորապէս ութ միլիոն անձեր կը տառապին PVD հիւանդութենէ. դրութիւն մը, ուր ոտքի երակները կը խցուին, ճիշդ սիրտի երակներու նման։ Կանուխ դարմանումը բանալին է բուժումին, ախտաճանաչուող հիւանդներու մօտաւորապէս յիսուն տոկոսը առանց ազդանշանի է:
Պարզ եւ առանց ցաւի քննութիւն մը կրունկին մէջ -Ankle brachial index (ABI)- կը բաղդատէ ոտքի արեան ճնշումը թեւերու արեան ճնշումին հետ՝ եզրակացնելու համար, թէ արիւնը ինչպէ՛ս կը շրջագայէ։
Որպէսի քաջալերէ եւ անհատներու մօտ գիտակցութիւնը զարգացնէ, Հոլիվուտ «Փրէսպիթէրիըն» Բժշկական կեդրոնը, Մարտ, Յունիս եւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին, իր պաշտօնէութիւնը ձրիաբար պիտի ենթարկէ Ankle brachial index (ABI) քննութեան մը։
Իր խոստումին նախանձախնդիր, որ 2009ի ընթացքին կատարէ 1923 Peripheral vascular disease-PVD ձրի քննութիւն, Հոլիվուտ «Փրէսպիթէրիըն» Բժշկական կեդրոնը ապագային պիտի յայտարարէ հանրութեան համար ճշդուած թուականները։
Հոլիվուտ «Փրէսպիթէրիըն» Բժշկական կեդրոնը 434 տեղանոց հիւանդանոց մըն է, որ 1923էն ի վեր կը գործէ։ Իր աւելի քան 430 բժիշկներով (բոլոր մարզերուն մէջ) եւ բազմալեզու անձնակազմով, ինչպէս տարիներու ընթացքին, նոյնպէս եւ այսօր, ան պատրաստ է հոգալու Հոլիվուտի եւ շրջանի բնակչութեան բժշկական կարիքները: