Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութիւնը Փետրուար 18ին տեղեկագիր մը տարածած է՝ 2008ի դատախազութեան գործունէութեան եւ յանցաւորութեան վիճակին մասին:
Ըստ տեղեկագիրին, 2008ի ընթացքին 10 տոկոսով աճած է արձանագրուած յանցագործութիւններուն թիւը՝ 9271 դէպք, համեմատաբար 2007ին՝ 8428 դէպք:
Միաժամանակ 113 դէպքով աճած են նաեւ մարդոց դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները, որոնց շարքին՝ սպանութեան, սպանութեան փորձի, առողջութեան ծանր վնաս հասցնելու եւ սեռական անձեռնմխելիութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները:
Վերոնշեալը, ըստ դատախազութեան, կը վկայէ, թէ Հայաստանի ոստիկանութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ գործնական բաւարար միջոցներ չեն գործադրուած հասարակական կարգը պահպանելու, յանցագործութիւնները կանխելու եւ ժամանցի վայրերուն մէջ պատշաճ հսկողութիւն մատուցելու ուղղութեամբ: