ՊՈԼԻՍ.- Թոփգաբուի «Լեւոն Վարդուհեան» վարժարանէն ներս մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Բարեկենդանը։ Ը. դասարանի աշակերտները այս առիթով պատրաստած էին յատուկ յայտագիր մը, որ մեծ յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ։ Օրուան խօսնակներն էին Ը. դասարանէն Նատին Եըլմազ եւ Առէն Գարափէքմէզ։
Ծնողաց միութեան կողմէ սարքուած էր նաեւ ճոխ սեղան մը՝ զարդարուած հայկական աւանդական ճաշատեսակներով։ Աշակերտները կատարեցին ասմունքներ ու բարեկենդանի յատուկ թատերախաղեր։
Տօնին առիթով կազմակերպուած լաւագոյն զգեստի մրցումը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց ներկաներուն մօտ։ Մրցումին առաջին հանդիսացաւ Լինտա Սարգսեան, որ անձամբ պատրաստած էր իր զգեստը։