Յամենայն տեղ, ուր հայ մարդը կարիքի մէջ է, Հայ օգնութեան միութիւնը կը գտնէ ճանապարհը հասնելու իրեն ու փորձելու մեղմացնել անոր ծանր վիճակը:
Նոյն այս առաքելութիւնն է, կ’ըսէ Լենա Պոզոյեան, որ մղեց Հայ օգնութեան միութեան պատասխանատուները 2001ին յառաջացնելու Չաւախքի յանձնախումբ մը, որուն առաքելութիւնը յստակօրէն ձեւակերպուած է՝ կանգնեցնել արտագաղթը այդ տարածքներէն:
Արտագաղթը կանգնեցնելու ամէնէն ազդու միջոցը շրջանի բնակչութեան տնտեսական, հոգեմտաւոր կարիքները եւ առողջապահական խնամքի տարրական պահանջները բաւարարել է: Չաւախքի բնակչութիւնը բացի իր դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններէն, զրկուած է նաեւ հոգեւոր իր կարիքներէն, շրջանի եկեղեցիները գրաւուած են վրացիներու կողմէ, խղճի ու կրօնի հարցերու մէջ ճնշուած են, որովհետեւ Վրաստանի մէջ այդ հարցերը օրէնքով չեն կարգաւորուած:
ՀՕՄի նման կազմակերպութիւն մը, անշուշտ, անկարելի է, որ մինակը կարենայ Չաւախքի նման շրջանի մը պահանջները գոհացնել: Բայց յանձնախումբը, միացնելով իր ճիգերը այլ երկիրներու մէջ նոյն նպատակով ՀՕՄի յառաջացուցած յանձնախումբերուն՝ կը բերէ իր պատուաւոր բաժինը թեթեւցնելու ջաւախքցի մեր ազգակիցներուն վիճակը: Ըստ Լենային, աշխոյժ իր գործունէութեամբ կ’առանձնանան Քանատայի եւ Հայաստանի «Չաւախք» յանձնախումբերը:
Այս շրջանի Չաւախքի յանձնախումբը տարին քանի մը ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, դրամ հանգանակելու նպատակով: Այս ձեռնարկներէն ամէնէն կարեւորը Նաւապտոյտի ճաշկերոյթն է, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8ին:
Իր կազմութենէն ի վեր, յանձնախումբը ի՞նչ ծրագիրներ իրականացուցած է հարցումին պատասխանելով՝ Պոզոյեան կը յայտնէ, որ հանգանակուած գումարներուն շնորհիւ Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ հաստատուած են երիտասարդական կեդրոններ: Այս կեդրոններու շէնքերը գնուած են յանձնախումբին կողմէ եւ նուիրուած տեղւոյն համայնքին:
Այս հաւաքատեղիները իրենք դարձած են իսկապէս աշխոյժ մշակութային եւ հասարակական կեանքի կեդրոններ, ուր կը դասաւանդուին համակարգչային ծրագիրներ, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներ, պատմութիւն, կարուձեւ: Նկատի ունենալով, որ վրացական կառավարութեան դպրոցական ծրագիրները կ’անտեսեն Չաւախքի հայութեան ազգային դաստիարակութեան եւ մայրենի լեզուի ուսուցման պահանջները, այս կեդրոնները կու գան լրացնելու պակասը: Չաւախքի հայութիւնը այս կեդրոնները կը նկատէ յոյսի աղբիւրներ:
Վերջերս երիտասարդական կեդրոններէն ներս վրացական իշխանութեանց ոտնձգութիւններու եւ կատարուած ձերբակալութիւններու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Պոզոյեան յայտնեց, որ ՀՕՄը բարեսիրական կազմակերպութիւն է եւ իր գործունէութիւնն ու յարաբերութիւնները առանձնաբար բարեսիրական նպատակներ կը հետապնդեն: Այս գործունէութեան ընթացքին իրենց յանձնախումբի անդամները կը շփուին համայնքի տարբեր խաւերու եւ անհատներու հետ, որոնց շարքին են վերջերս ձերբակալուած հայորդիները, որոնց մարդկային բնութագրի մասին շատ բարձր կարծիք ստեղծուած է թէ՛ իրենց շրջապատին եւ թէ՛ «Չաւախք» յանձնախումբի անդամներուն մօտ:
Պոզոյեան կ’ափսոսայ, որ Գրիգոր Մինասեանն ու Սերգէյ Յակոբջանեանը իրենց օգտակար ծրագիրները իրականացնելու ճամբուն վրայ այսպիսի դժուարութեանց կը մատնուին: Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով ամէն ինչ կը պարզուի եւ երկու հայորդիները կը վերադառնան իրենց համայնքին ու աշխատանքներուն:
Այս տղան՝ Մինասեանը, կը փորձէր մեզի տուն գնել տալ Չաւախքի մէջ, սեփական հող ու տուն ունենալ Չաւախքի մէջ, որպէսզի մեզ կապէր այդ շրջանին, կ’ըսէ Պոզոյեան նկատելի յուզումով:
Յանձնախումբի այլ ծրագիրներու շարքին կարեւորագոյններէն է շրջանի առողջապահական խնամքի մակարդակի բարձրացման միտուած աշխատանքները: Այս ծրագիրներու շարքին էր Չաւախքի բժիշկներու եւ բուժքոյրերու վերապատրաստման սեմինարներն ու դասընթացքները, որոնք հիմնականին մէջ երեխաներու առողջապահութեամբ զբաղող մասնագէտներու գիտութեան ու փորձի առաւել մասնագիտական մակարդակի ապահովումն էր: Այս աշխատանքներուն իր մեծ ներդրումը ունեցաւ մեր շրջանէն Ալինա Տօրեանը:
Ամբողջ տարածքի վրայ հազիւ թէ կայ մէկ հիւանդանոց, Ախալքալաքի մէջ, որուն պայմանները կարելի է նկատել տանելի կամ ընդունելի, կ’ըսէ Պոզոյեան:
Այս դասընթացքները տեւեցին 17 օր՝ որոշ խանդավառութիւն ստեղծելով թէ՛ մասնակցողներուն եւ թէ շրջանի բնակչութեան մօտ:
Այս բոլոր ծախսերը հոգալու համար, յանձնախումբը, բացի նաւու վրայ կազմակերպուած տարեկան ճաշկերոյթէն, կը դիմէ նաեւ առանձին հովանաւորներու: Նաեւ՝ յանձնախումբը յատուկ գանձանակներ զետեղած է հայկական վարժարաններու մէջ, հանգանակութեան գործին մասնակից դարձնելով մատաղ սերունդը: Այս մասնակցութիւնը ինքնին դաստիարակչական արժէք ունի, ըստ Պոզոյեանի: Յանձնախումբի ամէնէն հաւատարիմ գործակիցներու ու հովանաւորներու շարքին են տէր եւ տիկին Յակոբ Պաղտասարեանները, Տէր եւ տիկին Յակոբ Շիրվանեանները:
Այս բարերարներու կողքին, Պոզոյեան գնահատանքով կը խօսի նաեւ Հայ կրթական հիմնարկութեան մասին, որ Չաւախքի մէջ ցարդ տասը դպրոցի վերանորոգութիւն ստանձնած եւ գործադրած է:
Ի՞նչն է յանձնախումբի գլխաւոր իրագործումը հարցումին պատասխանելով՝ Լենա Պոզոյեան կը յայտնէ, որ ամէնէն կարեւորը այն է, որ Չաւախքի հայութեան յոյս ներշնչուած է, եւ մինակ մնացած չըլլալու համոզում գոյացած է:
Պէտք է ըսել, որ սկիզբը մարդիկ թերահաւատութեամբ մօտեցած են յանձնախումբի գործունէութեան: Երբ յանձնախումբի անդամներ, որոնցմէ ամէնէն աւելին շրջան այցելած է յանձնախումբի ատենապետ Հայկուշ Քոհլըրը, կը հանդիպէին տեղւոյն բնակիչներուն ու կը խօսէին ծրագիրներուն մասին, մարդիկ չէին հաւատար, որ գործնական քայլեր պիտի առնուին եւ իրենց կեանքը պիտի որակապէս փոխուի:
Փոկա գիւղը, օրինակ, որուն բնակիչները զրկուած էին ջուրէ եւ ելեկտրականութենէ, շնորհիւ սոյն յանձնախումբի եւ իր գործակից Հայաստանի համապատասխան մարմինի միացեալ ճիգերուն, Փարաւանա գեղատեսիլ լիճի կողքին գտնուող այս գիւղը հիմա ունի թէ՛ ջուր եւ թէ՛ ելելկտրականութիւն: Մենք ճակատաբաց կը նայինք այսօր այն թերահաւատ ծերունիին աչքերուն, որոնք չէին հաւատար, որ մենք երբ Չաւախքէն հեռանայինք, պիտի յարգէինք մեր խօսքը ու իրականացնէինք իրենց կատարած մեր խոստումները:
Այսօր, Մարտ ութի իրենց ձեռնարկի նախօրէին, Չաւախքի յանձնախումբը, Հայկուշ Քոհլըրի գլխաւորութեամբ, կը ջանայ ամէն կերպով յաջողեցնել այդ հանգանակային ճաշկերոյթ-երեկոն, որ անցեալին միշտ ալ յաջող անցած է, այնքան, որ նախկին մասնակիցները միշտ իրենք են, որոնք խնդրած են մեզմէ դարձեալ կազմակերպել նոյն ձեռնարկը:
Ժամանակները, տնտեսական գետնի վրայ բարենպաստ չեն: Սակայն, տակաւին կան խոստումներ, որոնք պէտք է իրականանան ու յանձնախումբը պիտի աշխատի, որ անոնք իրականան: