ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մարտ 2ին, Միացեալ Նահանգներու բաժնետոմսերու գլխաւոր սակարանները շաբաթը սկսան յոռետես մթնոլորտի մը մէջ, հսկայական վնասներ արձանագրելով (4 առ հարիւրի շուրջ) եւ իջնելով 1996ին ու 1997ին արձանագրուած մակարդակներուն: Օրինակի համար, «Տաու Ճոնզ»ը 6800ի սահմաններուն հասաւ, մինչ միայն 18 ամիս առաջ այդ սակարանը անցած էր 14,000ի սահմանը:
Ըստ տնտեսագէտներու, նորագոյն այս նահանջին պատճառներէն մէկն էր դրամատնային վիճակին շուրջ յամեցող անորոշութիւնն ու անվստահութիւնը եւ Երկուշաբթի օր հաղորդուած այն տեղեկութիւնը, թէ ապահովագրութեան «Էյ.Այ.Ճի.» ընկերութիւնը, որ արդէն իսկ մօտաւորապէս 150 միլիառ տոլարի պետական օժանդակութիւն ստացած է, 61.7 միլիառ տոլարի վնաս մը կրած է վերջին եռամսեակին:
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ ամերիկացիները Յունուար ամսուան ընթացքին 0.6 տոկոսով աւելի ծախսած են, շարունակական վեց ամիսներու նահանջէն ետք: Տնտեսագէտները 0.4 տոկոսի աճ մը կ’ակնկալէին: Սակայն, շինարարութեան մարզին մէջ ծախսուող գումարները 3.3 տոկոսով նահանջած են:
Նաեւ, անհատական եկամուտները 0.4 տոկոսով աճ արձանագրած են Յունուարին, մեծ մասամբ պետութեան կողմէ վճարուող ընկերային ապահովագրութեան վճարումներու աճին շնորհիւ: Տնտեսագէտները միայն 0.2 տոկոսի աճ մը կ’ակնկալէին:
Աճ արձանագրած է նաեւ պահ դրուած գումարներուն համեմատութիւնը, որ հասած է 5 առ հարիւրի, ինչ որ ամենաբարձր համեմատութիւնն է 1995էն ի վեր: