ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային պահեստի պետ Պէն Պըրնէնքի Երեքշաբթի, Մարտ 3ին ընդունեց, թէ երկրին դրամատնային մարզը պէտք ունի յաւելեալ օժանդակութեան եւ աւելցուց, թէ նոյնիսկ եթէ պետական յաւելեալ օժանդակութիւնները աւելցնեն արդէն իսկ հսկայ պետական պարտքը, այս հանգրուանին միջամտութիւնը աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ ընդհանուր տնտեսութեան համար:
Նոյն օրը, Դաշնակցային պահեստը պաշտօնապէս գործադրութեան դրաւ փոքր ընկերութեանց եւ անհատներու յաւելեալ վարկեր ապահովելու համար՝ կառավարութեան առաջադրած 200 միլիառ տոլարի ծրագիրը, որուն նպատակն է դիւրացնել վարկերու փոխտուութիւնը, որ կրնայ տնտեսութիւնը խթանել:
Միւս կողմէ, «Սիթիկրուփ»ը, որուն 36 տոկոսը պետութեան կը պատկանի, Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ վճարումներ կատարելու դժուարութիւն դիմագրաւող անգործ դարձած բնակարաններու սեփականատէրերուն օժանդակելու նպատակով, որոշած է երեք ամիսներու ընթացքին, անոնցմէ գանձել միջին հաշիւով միայն 500 տոլար, յուսալով, որ անոնք այդ միջոցին այլ կարգադրութիւններ կը տեսնեն եւ կը կարենան իրենց տնտեսական կացութիւնը բարելաւել:
Նաեւ, Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ բնակարաններու առուծախը 7.7 տոկոսի անկում արձանագրած է Յունուար ամսուան ընթացքին, իսկ «Ֆորտ» ընկերութիւնը հաղորդեց, թէ իր ինքնաշարժներուն վաճառքը 48 տոկոսով անկում արձանագրած է Փետրուար ամսուան ընթացքին: